Հնդկաստանի Մէջ 29-րդ Նահանգը Ձեւաւորուած Է

0206IndiaKommersant.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի մէջ ստեղծուած է նոր նահանգ մը, որ դարձած է երկրին 29-րդ նահանգը:

Երկրի հարաւային Անտհրա-Փրատեշ նահանգը բաժնուած է երկու մասի, որոնցմէ մէկը ձեւաւորուած է իբրեւ նոր նահանգ` Թելանկանա անունով:

Հնդկաստանի նոր նահանգը պաշտօնապէս քարտէսներուն վրայ յայտնուած է 2 յունիսի գիշերը:

35 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թելանկանայի կազմին մէջ մտած են Անտհրա-Փրատեշի 23 շրջաններէն 10-ն, ներառեալ` մեծագոյն քաղաքը` Հէյտարապատը, որ յառաջիկայ տարիներուն պիտի ըլլայ երկու նահանգներուն մայրաքաղաքը:

Նահանգի մասնատման նախորդած են տեղւոյն բնակչութեան տեւական ցոյցերը: Անոնց կարծիքով, իշխանութիւնները բաւականաչափ ուշադրութիւն չեն դարձներ իրենց շրջաններուն:

Share this Article
CATEGORIES