Աբխազիոյ Վարչապետը Հրաժարեցաւ

Լէոնիտ Լաքերպայա
«Թի.Վի. Ռէյն» ռուսական պատկերասփիւռի կայանի կայքը` վկայակոչելով երկրի նախագահի պաշտօնակատար, խորհրդարանի նախագահ Վալերի Պկանպան կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ վարչապետ Լէոնիտ Լաքերպայա հրաժարած է:
Վարչապետի պարտականութիւնները պիտի կատարէ ելեւմուտքի նախարար Վլատիմիր Տելպա: Ան պիտի շարունակէ միաժամանակ նաեւ իբրեւ ելեւմուտքի նախարար պաշտօնավարել:
Երէկ արդէն հրաժարական տուած էր Աբխազիոյ կառավարութիւնը, իսկ մէկ օր առաջ` նախագահը: Անոնց հրաժարականը պահանջած էր երկրին ընդդիմութիւնը:
«Վրեմիա» հաղորդեց, որ Վրաստանի հաշտեցման եւ քաղաքացիական իրաւահաւասարութեան հարցերով նախարար Պաաթա Զաքարէիշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստանի կառավարութիւնը մտադիր է համագործակցիլ Աբխազիոյ նոր նախագահին հետ` անկախ անկէ, թէ ո՛վ պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը:
«Շատ կարեւոր է երկխօսութիւն ունենալ աբխազ հանրութեան հետ, այդ պատճառով ալ, ով որ ալ ըլլայ աբխազական հասարակութեան նոր ղեկավարը, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք շփուելու անոր հետ», յայտարարած է Զաքարէիշվիլի` վրացական պատկերասփիւռի կայանին հետ տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Նախարարը նաեւ նշած է, որ Աբխազիոյ մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները կարեւոր են Վրաստանի համար:

