Քատիրով. «74 Հազար Չեչեն Կը Սպասեն Հրամանի` Ուքրանիոյ Մէջ Կարգ Ու Կանոն Հաստատելու Համար»

Ռամզան Քատիրով
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով ռուսական «ՌԵՆ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ համապատասխան հրահանգի պարագային շուրջ 74 հազար կամաւոր Չեչենիայէն պատրաստ են մեկնելու Ուքրանիա:
Քատիրով խոստովանած է, որ Ուքրանիոյ հարաւ- արեւելքին մէջ 14 չեչեններ կը մասնակցին զինուորական գործողութիւններուն` ընդգծելով, որ անոնք բացառապէս կամաւորներ են, որոնք ժամանած են իրենց կամքով:
«Ես պաշտօնապէս կ՛ըսեմ, որ ես ոչ մէկը չեմ ուղարկած այնտեղ: Եթէ հրահանգ ըլլայ, ապա մենք ունինք 74 հազար չեչեն կամաւորներ, որոնք պատրաստ են մեկնելու` Ուքրանիոյ տարածքին կարգ ու կանոն հաստատելու համար», յայտարարած է ան:
Քատիրով ընդգծած է, որ մեկնիլ փափաքողները այնքան շատ են, որ իրենք անոնց մեծ մասին կը զսպեն:

