Սպանիոյ Թագաւորը Կը Հրաժարի Գահէն

Խուան Քարլոս թագաւորը

Խուան Քարլոս թագաւորը

«Ֆրանս 24»-ը` վկայակոչելով Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոն, կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ թագաւոր Խուան Քարլոս որոշած է հրաժարիլ գահէն:

76 տարեկան թագաւորը Սպանիոյ գահին վրայ է 1975-էն ի վեր:

Վերջին շրջանին Սպանիոյ թագաւորին անունը մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած էր հիմնականին մէջ անոր դիմագրաւած առողջական խնդիրներուն պատճառով, սակայն ան նաեւ գայթակղութիւններու հերոս էր. մինչ Սպանիոյ մէջ տնտեսական ճգնաժամ գոյութիւն ունի, ան փիղերու թանկարժէք որսի գացած էր:

«Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» նոյն առնչութեամբ կը յայտնէ, որ Խուան Քարլոս թագաւորը գահէն կը հրաժարի յօգուտ իր որդիին` գահաժառանգ Ֆիլիփէի: Ըստ Սպանիոյ վարչապետին, թագաւորը գահէն կը հրաժարի իր որդիին ճամբայ հարթելու համար:

Share this Article
CATEGORIES