Պաղեստինեան Ազգային Համաձայնական Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ միջպաղեստինեան պառակտումին աւարտը յայտարարեց, երբ պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը Ռամալլայի մէջ երդման արարողութիւնը աւարտեց:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցութեան թղթածրարը պիտի շարունակէ մնալ ՊԱԿ¬ի վերահսկողութեան տակ եւ կառավարութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի ատոր հետ: Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի սպառնալիքներուն` ան ըսաւ, որ Իսրայէլի կողմէ որեւէ միջոցառում առանց քաղաքական, դիւանագիտական եւ իրաւական պատշաճ պատասխանի պիտի չմնայ:
Պաղեստինեան կառավարութիւնը կազմուած է 18 նախարարներէ, որոնցմէ հինգը` Կազայէն: Իսրայէլ Կազա գտնուող երեք նախարարներու արգիլեց մուտք գործել Այսրյորդանան: Կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Ռամի Համտալլան:
CATEGORIES Միջազգային

