Թեհրանի Մէջ. «Պատրաստ Ենք Իրանի Հետ Յարաբերութեանց Մէջ Նոր Էջ Բանալու» Յայտարարեց Քուէյթի Իշխանը

Քուէյթի իշխանը եւ այաթոլլա Խամենէի
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Թեհրանի մէջ Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Արաբական Ծոցի անվտանգութիւնը կ՛ապահովուի շրջանի երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով: Ան ըսաւ, որ Ծոցի շրջանի ապահովութիւնը շատ կարեւոր է, եւ Իրան մշտապէս նախանձախնդիր է իր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու:
Խամենէի ըսաւ, որ շրջանի երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները հասարակաց թշնամիները կ՛ուրախացնեն: Ան նաեւ նշեց, որ Իրան պիտի յարգէ այսօր նախագահական ընտրութեան ընթացքին Սուրիոյ ժողովուրդին արտայայտելիք կամքը, եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն վտանգէն զգուշացուց:
Խամենէի գովաբանեց շրջանային հարցերուն շուրջ Քուէյթի իշխանին կեցուածքները` զանոնք նկատելով իմաստուն ու բարեբեր` աւելցնելով, որ շրջանի հարցերը այդ ձեւերով պէտք է լուծուին:
Քուէյթի իշխանը իր կարգին Խամենէին նկատեց ամբողջ շրջանի հոգեւոր առաջնորդը` յայտարարելով, որ իր երկիրը պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց մէջ նոր էջ մը բանալու:
Քուէյթի իշխանը յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցերը լուծուին սուրիացի ժողովուրդին պահանջներուն համահունչ եւ խաղաղ կերպով: Ան մատնանշեց իր երկրին եւ Իրաքի միջեւ լաւ յարաբերութիւնները` շեշտելով շրջանի երկիրներուն միասնականութեան եւ համախոհութեան կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Քուէյթի իշխանը պատմական այցելութեամբ կը գտնուի Իրան, ուր մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցած էր նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:

