Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ: Հանդիպումէն ետք Հէյլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
ՌԱՊԻԷԻ մօտիկ աղբիւրներ տակաւին հաւանական կը նկատեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան 27-րդ տարելիցին առիթով հնչած են վատ խօսքեր:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործել իր միասնականութիւնը պահպանող համախոհական տարազին հիման վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ երեսփոխանական ընտրութեան համար ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել, ապա կարելի է որդեգրել 1960-ի ընտրական օրէնքը եւ անոր հիման վրայ կատարել ընտրութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին միջեւ երկխօսութիւնը բաւական երկարատեւ պիտի ըլլայ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանական բոլոր պլոքները լուրջի առած են երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային շահերը կ՛ենթադրեն դուրս գալ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նկատմամբ ցուցաբերուած կողմնակցութենէն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Սքաֆ յայտնեց, որ խորհրդարանը չի կրնար հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել, որովհետեւ անոր նստաշրջանը ապօրինի է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քազեմ Խէյր շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը խանգարեն նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ զօր. Աունի կողմէ պատրաստուած օրինագիծը իսկական լուծում էր Իսրայէլի մէջ ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն տունդարձին համար:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ փոխըմբռնումը միակ միջոցն է` նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ գործադրուելիք ահաբեկչական իսկական ծրագիրը ձախողած է` աւելցնելով, որ ներկայիս Սուրիոյ տագնապին լուծումը միայն քաղաքական կրնայ ըլլալ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելը լուրջ առիթ է փրկելու երկրին քաղաքական վարչակարգը:

