Ասիրի Ուրախութիւն Յայտնեց Նահր Պարետի Հարցով Ձերբակալուած Սէուտցիներուն Անպարտ Հռչակումին Առիթով

Saudi Arabia calls on citizens to leave LebanonԼիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի մէջ բանտարկուած սէուտցիներու թղթածրարին, ըլլայ ան քրէական թէ ահաբեկչական հարցերու հետ կապուած:

Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին բախումներուն հարցով ձերբակալուած սէուտցիները անպարտ հռչակուած են:

Ասիրի աւելցուց նաեւ, որ այս շաբթուան ընթացքին ինք հանդիպումներ պիտի ունենայ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի հետ եւ անոնցմէ պիտի խնդրէ դատավարութեան ենթարկել Լիբանանի մէջ արգելափակուած բոլոր սէուտցիները:

Share this Article
CATEGORIES