Քաուք. «Յանձնառու Կը Մնանք Ընտրելու Նախագահ Մը, Որ Ազգային Նուաճումներուն Վնաս Չհասցնէ»
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Հըզպալլայի որոշումը յստակ է եւ անփոփոխ պիտի մնայ, ինչքան որ նախագահական դատարկութիւնը երկար տեւէ:
Շէյխ Քաուք յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ ազգային նուաճումներուն վնաս չհասցնէ:
«Մենք կառչած կը մնանք ազգային սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին դէմ Լիբանանը հզօր պահելու կարեւորութեան», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը յապաղեցնելու արարքին պատասխանատու են Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:
Քաուք նաեւ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանին մեծագոյն նուաճումը ապահոված է բռնագրաւուած հողերը ազատագրելով, իսկ այսօր ան լաւագոյն նուաճումը կը պարգեւէ անոր` յաղթելով հաւատադրժողականներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

