Ժոմպլաթ Խստիւ Դատապարտեց Ռայի Պատրիարքին Դէմ Կատարուող Ցեխարձակումները

Ժոմպլաթ եւ Աուտէ եպիսկոպոս
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Ռիչըրտ Մըրֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ` նշելով, որ այցելութիւնը անձնական բնոյթ ունի:
Ան յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանէն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ կատարուող ցեխարձակումները` Ս. հողեր կատարած անոր այցելութեան առիթով:
Այդ առիթով, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ժոմպլաթի հետ եւ ողջունեց անոր գովաբանական կեցուածքները` իր Ս. հողեր այցելութեան եւ հոն կատարած իր յայտարարութիւններուն մասին:

