Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Նախարարական Նիստին

Նախարարական նիստէն պահ մը

Նախարարական նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Նիստէն ետք Տըրպաս ըսաւ. «Որոշեցինք այսօրուընէ սկսեալ Սուրիա մուտք գործող սուրիացիները զրկել գաղթականի իրենց հանգամանքէն»:

Տըրպաս յայտնեց, որ սահմաններուն հսկող ապահովական կառոյցները տեղեակ պիտի պահուին, թէ Սուրիոյ ապահով շրջաններէն Լիբանան հասնող սուրիացի քաղաքացին գաղթականի հանգամանք պէտք չէ ստանայ:

Ան հաստատեց, որ այս որոշումը Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան հետ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունի` աւելցնելով, որ տրուած որոշումը ցեղապաշտական կամ քաղաքական չէ:

Ան հաստատեց նաեւ, որ իրենք սկսած են դիմել քայլերու, որպէսզի Սուրիոյ ապահով շրջաններուն կամ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ սուրիացիներուն համար գաղթակայաններ կառուցուին:

Վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ կառավարութիւնը շարունակէ իր աշխատանքը այնպէս, ինչպէս սկսած էր` կատարեալ աշխուժութեամբ եւ բարձր ոգիով, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն լաւագոյնս ծառայել:

Վարչապետ Սալամ մերժեց երկրին գործադիր իշխանութիւնը իբրեւ միջոց օգտագործել` նախագահական դատարկութեան շրջանին:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքին արգելակումը իր հետեւանքները կ՛ունենայ նաեւ երկրին օրէնսդրական իշխանութեան վրայ:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ ինք անշեղ պիտի մնայ սահմանադրութեամբ ճշդուած վարչապետին իրաւասութիւններէն:

Վարչապետը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES