Պքերքէի Մէջ . «Պետութիւնը Կը Պաշտպանէ Բոլորը Անխտիր Եւ Անհրաժեշտ Է Անվարան Յարգել Զայն» Ըսաւ Զօր. Միշել Սլէյման

Զօր. Սլէյման եւ Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սլէյման յայտնեց, որ «Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը կարեւոր է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ վաղն իսկ պիտի մեկնիմ Ֆրանսա»:
Սլէյման շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը ընդվզած է Պաապտայի նախագահական պալատին դռներուն փակուելուն պատճառով` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է արագ կերպով կատարել` ըստ սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Սլէյման մաղթեց, որ նախագահական դատարկութիւնը երկարատեւ չըլլայ, նշելով, որ Ռայի պատրիարքը գիտէ, թէ այս առումով ի՛նչ պէտք է կատարել:
Ան հաստատեց Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ պետութիւնը կը պաշտպանէ բոլորը անխտիր եւ անվարան պէտք է յարգել զայն:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն, որ խստիւ դատապարտեց Ս. հողեր անոր կատարած այցելութեան առիթով անոր դէմ կատարուող ցեխարձակումները` զանոնք նկատելով լիբանանեան Ազգային ուխտին սպառնացող արտայայտութիւններ:
Ժահժահ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր եւ անոր յայտնեց իր ընդվզումը` քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելու հարցին առնչութեամբ:
Ժահժահ ընդգծեց ամէնէն արագ միջոցին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

