Պետական Քննութիւնները Հինգ Օրով Յետաձգուած Են

Էլիաս Պու Սաապ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կողմէ իր պահանջներուն նկատմամբ ցուցաբերուած կառչածութեան պատճառով, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պետական քննութիւնները հինգ օրով յետաձգուած են:
Այս կը նշանակէ, թէ պրէօվէի պետական քննութիւնները, որոնք պիտի կատարուէին 7 յունիսէն սկսեալ, պիտի սկսին հինգշաբթի, 12 յունիս 2014-ին եւ աւարտին կիրակի, 15 յունիս 2014-ին:
Պաքալորէայի կենսաբանութեան եւ ընդհանուր գիտութիւններու բաժանմունքներուն քննութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 16 յունիս 2014-ին եւ աւարտին շաբաթ, 21 յունիս 2014-ին:
Իսկ պաքալորէայի ընկերատնտեսագիտութեան եւ գրական բաժանմունքներուն քննութիւնները պիտի սկսին կիրակի, 22 յունիս 2014-ին եւ աւարտին ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին:
Պու Սաապ յայտնեց, որ եթէ մինչեւ պետական քննութիւններուն օրը ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն հարցը չլուծուի, ապա ինք պիտի ճշդէ կեցուածք մը, որուն մէջ նկատի պիտի ունենայ աշակերտներուն եւ ծնողներուն շահերը` որոշելով պետական քննութիւնները աննախընթաց կերպով կատարել, յատկապէս պաքալորէայի պարագային, նկատի ունենալով, որ համալսարանները իրենց դասաւանդութիւններուն կը սկսին օգոստոս ամսուան ընթացքին:
«Անշուշտ այս կեցուածքը չի նշանակեր, որ մենք կը հրաժարինք ուուսուցիչներուն արդար իրաւունքներուն նեցուկ կանգնելէ: Մեր դիմաց գտնուող ընտրանքները դժուար են, սակայն աշակերտներուն շահերը կարելի չէ վտանգել, անոնց շահերը ազգային գերագոյն շահերուն համազօր են, եւ մենք պիտի չհրաժարինք այդ շահերը ապահովելէ», հաստատեց Պու Սաապ:
Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ իրենք իրենց պահանջներէն անշեղ պիտի մնան, եւ ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կատարեց կրթութեան նախարարութեան կողմէ կատարուելիք քննութիւններուն մասին:

