Աւելի Քան 2 Միլիոն Տոլար Հաւաքուած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի 2014 Թուականի Թելեթոնին Առիթով
Տասնեակ հազարաւոր ամերիկահայեր մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած 2014 թուականի թելեթոնին, որուն ընթացքին հաւաքուած է աւելի քան 2 միլիոն տոլար, որ պիտի ուղղուի Հայ դատի քաղաքացիական կրթական ծրագիրներու իրականացման:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց, որ այս տարի թելեթոնը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ընկերային ցանցերուն միջոցով, աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ բնակող հայերու աջակցութեամբ «Դիմատետր»-ի, «Ինսթակրամ»-ի եւ «Թուիթըր»-ի ցանցերուն վրայ տարածուած է Հայ դատի քաղաքացիական զարգացման վերաբերեալ ուղերձը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հիմնադրամը կ՛իրականացնէ լայնածաւալ կրթական, երիտասարդական եւ քաղաքացիական նախագիծեր, որոնք կը նպատակադրեն բարձրաձայնել ամերիկահայ համայնքի տեսակէտները եւ արժէքները` ամրապնդելով անոնց ներկայութիւնը ամերիկեան քաղաքացիական ծիրին մէջ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հիմնադրամը երեք այլ թելեթոններ կազմակերպած էր 2006, 2009 եւ 2012 թուականներուն, որոնց ընթացքին հաւաքուած էր աւելի քան 6.5 միլիոն տոլար: Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, կամաւորներ, եկեղեցիներ, համայնքային առաջնորդներ, Հայ դատի տեղական յանձնախումբեր, քոնկրեսականներ եւ նահանգային օրէնսդիրներ մասնակցեցան այս թելեթոններուն` իրենց ներդրումը ունենալով վերջիններուս վիթխարի յաջողութեան մէջ:

