Ռուստամեան. «Արցախը Հայաստան Է»

0206armenՀայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ եթէ Ալիեւ Նազարպայեւի միջոցով Ղարաբաղի հարցը բարձրացուցած է արդէն, ապա մենք պէտք է ոչ թէ հարցին խուսափողական պատասխաններ տանք, այլ ամբողջական հարցը դնենք օրակարգին վրայ: «Եթէ կ՛ուզէք քննարկել Ղարաբաղի հարցը, ուրեմն եկէք զայն ամբողջական կերպով քննարկենք, իսկ եթէ ոչ, ուրեմն այդպիսի հպանցիկ, մակերեսային յայտարարութիւններով հարցին վրայով անցնիլը անընդունելի է Հայաստանի համար», ընդգծեց Ռուստամեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը անդրադարձաւ այն յայտարարութեան, թէ հայկական կողմի պատկերացումներով Արցախը Հայաստան չէ: «Ի հարկէ մեր պակերացումներով Արցախը Հայաստան չէ, եւ ճիշդ կ՛ըլլար արտայայտուիլ այնպէս, որ կայ հոլովոյթ մը, որուն տրամաբանութեան հիմքն է Ղարաբաղի ինքնորոշման խնդիրը», ըսաւ ան: Ըստ Ռուստամեանի, այս է պատճառը, որ Հայաստան կը նկատէ, թէ Ղարաբաղը այդ ճամբով իր հարցը կը լուծէ, իսկ Հայաստան այդ  ճամբուն երաշխաւորն է: «Բայց եթէ այդպէս ալ ըսենք, իսկ ես կը կարծեմ, որ անոր ժամանակը հասունցած է, ուրեմն պէտք է բարձրացնել Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշնակից ըլլալու հանգամանքը, եւ համաձայնագիրը, որուն մասին մենք վաղուց կը խօսինք, հետզհետէ աւելի կը հասուննայ: Կարելի չէ հարցերը ձգել անորոշ ձեւակերպումներով», նշեց Ռուստամեան:

Ռուստամեան նշեց, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ այդ հարցին մէջ կիրարկուին երկակի չափանիշներ:

Ըստ անոր, Ղարաբաղի հարցի քննարկումը որեւէ միջազգային ատեանի մէջ Հայաստանի համար օգտակար է եւ Հայաստան պատրաստ է անոր, աւելի քան Ազրպէյճանը: «Պէտք է յառաջիկային մտածել, որ աւելի հայեցակարգուած եւ խորքային պատասխան տրուի այս ամէն ինչին, եւ միայն ձեւակերպուած է, որ այն ինչ կատարուեցաւ Ասթանայի մէջ տհաճ էր, ատիկա քաղաքական պատասխան չէ, այլ` զգայական», ըսաւ Ռուստամեան:

 

Share this Article
CATEGORIES