Նախագահ Սարգսեան. «Նազարպայեւի Յայտարարածը Տհաճ Էր, Բայց Որեւէ Վնաս Չի Կրնար Մեզի Հասցնել»

6588_bԱսթանայի մէջ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի յայտարարութիւնը «տհաճ էր, բայց ատիկա որեւէ վնաս չի կրնար մեզի հասցնել», յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան հերթական հաշուետու հաւաքի մասնակիցներուն հետ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, պատասխանելով երիտասարդ հանրապետականներէն մէկուն հարցումին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու հոլովոյթին վերաբերեալ` նկատի առնելով Ասթանայի մէջ Նազարպայեւի կողմէ կարդացուած Ազրպէյճանի նախագահի նամակը` միութեան անդամակցելու պարագային Հայաստանի սահմաններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղը եւս այդ սահմաններուն մէջ ներառելու խնդիրին վերաբերեալ, նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ որեւէ խոչընդոտ չկայ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու մասով: «Եւ երբ մենք այնտեղ կ՛ըսենք, որ 2-3 հարց կայ, այդ 2-3 հարցերը զուտ թեքնիք նշանակութեան հարցեր են եւ կը վերաբերին մեր առեւտրական յարաբերութիւններուն: Ինչ կը վերաբերի Նազարպայեւի յայտարարութեան, նախ սխալ է սահմաններու մասին խօսիլը: Ի՞նչ սահմաններու մասին կը խօսինք: Ղարաբաղի խնդիրը Մաքսային միութեան մէջ չի լուծուիր», ըսաւ Հայաստանի նախագահը: «Իսկ ո՞վ ըսած է, որ մենք Ղարաբաղով պիտի մտնենք Մաքսային միութիւն: Այդպիսի բան չէ եղած եւ չի ալ կրնար ըլլալ, որովհետեւ Ղարաբաղը գոնէ մեր օրէնսդրութեամբ, գոնէ մեր պատկերացումներով Հայաստանի մաս չի կազմեր այսօր: Իսկ Մաքսային միութեան անդամակցիլը կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման` ասիկա միանշանակ է»:

Share this Article
CATEGORIES