Փելէի Որդին Դատապարտուեցաւ 33 Տարուան Բանտարկութեան
Իր լուրը քաղելով «Պի. Պի. Սի.» լրատու գործակալութենէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ անուանի ֆութպոլիստ եւ անցեալի աստղ պրազիլցի Փելէի որդին` Էտինիու, դատապարտուած է 33 տարուան բանտարկութեան, թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութենէն ստացած դրամներու լուացման պատճառով:
Ան եւս եղած է արհեստավարժ ֆութպոլիստ եւ 1990-ականներուն եղած է պրազիլական Սանթոս անուանի ակումբին բերդապահը:
Ան առաջին անգամ ձերբակալուած է 2005-ին (բայց ազատ արձակուած)` թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան եւ թմրանիւթերու առեւտուրով զբաղող անձերու հետ գործակցելու յանցանքով:
Ան, թէեւ խոստովանեցաւ թմրադեղեր գործածած ըլլալը, բայց մերժեց առեւտուրով զբաղած ըլլալու ամբաստանութիւնը:
Անոր փաստաբանները ըսին, որ պիտի բողոքեն անոր բանտարկութեան վճիռին դէմ:
CATEGORIES Մարզական

