Տաւիտ Վիյա Տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք Սիթի

0206villaՍպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յառաջապահ Տաւիտ Վիյա երէկ պաշտօնապէս պայմանագիր կնքեց ամերիկեան Նիւ Եորք Սիթիի հետ, յայտնեց անոր նոր ակումբին պաշտօնական կայքը:

32 տարեկան Վիյա երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Մէյճըր լիկ»-ի իր նոր կազմին հետ:

Նշենք, որ Վիյա այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կը միանայ իր վեցերորդ ակումբին` Սփորթինկ Խիխոնէն, Ռէալ Սարակոսայէն, Վալենսիայէն, Պարսելոնայէն եւ Աթլեթիքօ Մատրիտէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES