2014-ի Մոնտիալ. Անդրանիկ Թէյմուրեան Իրանի Հետ Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան
Նախորդ շաբաթավերջին Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քարլոս Քիերոս հրապարակեց ցանկը այն 23 ֆութպոլիստներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին:
Աշխարհի այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ հայազգի փորձառու միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան, որ մաս կը կազմէ իրանեան Իսթիքլալ խումբին:
Փորթուգալցի մարզիչը իր կազմին մէջ ունի բաւական փորձառու մարզիկներ, որոնց կարգին է անգլիական Չարլթըն ակումբին մաս կազմող վտանգաւոր յառաջապահ Ռեզա Ղուշանեժատ: Կայ նաեւ գերմանական Այնթրախթ Պրաունշուեկի բերդապահ Տանիէլ Տաւարին:
Նշենք, որ Զ. խմբակին մաս կազմող Իրան Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Արժանթինը, Նիկերիան եւ Պոսնիան:
CATEGORIES Մարզական

