2022-ի Մոնտիալ. Քաթարի Փոխարէն Այլ Երկի՞ր Մը…
ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ Ճիմ Պոյզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 2022-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկիրը կրնայ փոխուիլ, եթէ փաստուի, որ ընտրութիւններուն մասնակցած պաշտօնեաները կաշառուած են:
«Իբրեւ ՖԻՖԱ-ի անդամ, կը կարծեմ, որ այս գծով բոլոր տուեալներն ու ապացոյցները պէտք է փոխանցուին կազմակերպութեան դատաւորին` Մայքըլ Կարսիային: Տեսնենք, ան ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ ատոր: Եթէ անոր հրապարակելիք զեկուցումին մէջ նշուի, որ 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան Քաթարը որոշելու ընտրութիւններուն ընթացքին խախտումներ արձանագրուած են, ապա ուրեմն նոր քուէարկութեամբ պիտի յայտարարուի նոր երկրի մը անունը», ըսած է Պոյզ:
Մէջբերելով «Տը Սանտէյ Թայմզ»-ին հրապարակած լուրէն բաժին մը` իր այս լուրը ArmSport.am կ՛եզրափակէ հետեւեալ ձեւով. «Այնպէս կը թուի, որ ՖԻՖԱ-ի նախկին փոխնախագահը քաթարցի Մոհամետ Պըն Համմամ, շուրջ 5 միլիոն տոլարի կաշառք տուած է միջազգային ֆետերասիոնին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որպէսզի անոնք 2022-ի մոնտիալի կազմակերպիչ երկրին քուէարկութեան ժամանակ իրենց ձայնը տան յօգուտ Քաթարի»:
Նշենք, որ Պըն Համմամ, որ եղած է նաեւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախկին նախագահը, ինչպէս նաեւ Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, անդամ չէր այդ յանձնախումբին երբ Քաթար առաջադրեց իր թեկնածութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, ան վստահաբար այդ ուղղութեամբ բացատրութիւններ պիտի տայ:

