Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Սթավանկերի Միջազգային Մրցաշարքին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտ մասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սթավանկերի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 3-13 յունիսին:
Այս մրցաշարքին մասնակցողներուն դասաւորման շարքը (կայծակնային) հետեւեալն է.
1.- Ակտեսթէն, 2.- Թոփալով, 3.- Կիրի, 4.- Կրիսչուք, 5.- Արոնեան, 6.- Սվիտլեր, 7.- Քարուանա, 8.- Քարժաքին, 9.- Քարլսըն եւ 10.- Քրամնիք:
Կայծակնային մրցումներուն արդիւնքներուն հիմամբ պիտի որոշուի մասնակցողներուն դասաւորումը` հիմնական մրցաշարքին:
CATEGORIES Մարզական

