Այս Անկիւնէն. Ծրագրում (Ե.)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ 

– Յարաբերական

Այս ընդհանուր եզրով բնորոշուող ոլորտը իրականութեան մէջ բազմաշերտ է, եւ ծրագրումի պարագային ալ նկատի առնուելու են առ նուազն հետեւեալ ենթաբաժանումները.

– Համայնքին հետ յարաբերութիւնները
– Տեղւոյն ոչ հայ շրջապատին հետ յարաբերութիւնները
– Սփիւռքի այլ գաղութներուն հետ յարաբերութիւնները
– Հայրենիքին հետ յարաբերութիւնները

Ասոնցմէ իւրաքանչիւրն ալ կրնայ իր կարգին յաւելեալ մասերու բաժնուիլ, սակայն գոհանանք` անդրադառնալով իւրաքանչիւրին իր ամբողջութեան մէջ:

Համայնքին հետ յարաբերութիւնները

Այստեղ խօսքը միջկազմակերպական յարաբերութիւններուն մասին չէ. այս մասին արդէն որոշ չափով նախապէս անդրադարձ կատարուեցաւ: Խօսքը կը վերաբերի հանրութեան, որուն հետ կապ հաստատելու համար մեր կազմակերպութիւնները որոշ միջոցներ կը գործածեն: Այդ միջոցներէն յիշենք`

– Առցանց ելեկտրոնային կապերը` ծանուցումներ, յայտարարութիւններ, նոյնիսկ մահազդներ, բայց նաեւ հաղորդագրութիւններ եւ այլն փոխանցելու համար:
– Մամուլը` իր դասական դերակատարութեամբ, ըլլայ տեղեկատուական, ըլլայ քարոզչական, ըլլայ դաստիարակչական առումով
– Պատկերասփիւռն ու ձայնասփիւռը
– Թռուցիկներն ու որմազդները
– Ընդհանուր ժողովները (գէթ կազմակերպութեան մը անդամներուն հետ կապի առումով)
– Հանրահաւաքներն ու հրապարակային միջոցառումները (հանդիսութիւններ, դասախօսութիւններ եւ այլն)

Այս բոլորը առաւել կամ նուազ ազդու միջոցներ են, ու գալիք տարիներուն ալ ոմանք աւելի, ոմանք պակաս ազդեցիկ կրնան դառնալ: Կանխատեսել այդ փոփոխութիւնները` ոչ միայն միջոցներուն, այլեւ անոնց բովանդակութեան մատուցման տեսակէտէն, եւ ըստ այնմ զարգացնել զանոնք, որպէսզի միշտ կարելի ըլլայ հասնիլ առաւելագոյն թիւով ազգայիններու, հին թէ նոր սերունդին, իրենց հասկնալի կամ հասկցած լեզուով, բոլո՛ր միջոցներուն պարագային: Ահա ծրագրումի կարեւոր մարտահրաւէր մը:

Տեղւոյն ոչ հայ շրջապատին հետ յարաբերութիւնները

Լայն ընդգրկում ունեցող ոլորտ մը, որ կը ներառէ թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ կապերը, ու ոչ միայն կապերը, այլեւ անոնց կառոյցներուն մասնակցութիւնն ու այնտեղ դիրքեր գրաւելու առաջադրանքները, թէ՛ մշակութային հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու հետ կապերը (թանգարաններ, գրադարաններ, արուեստի ու արհեստի զանազան մարզերու մասնագիտական խմբակցութիւններ եւ այլն), թէ՛ տեղական նախաձեռնութիւններու մասնակցութիւնը (անհատաբար ու հաւաքաբար` մեր խումբերով), թէ՛ տնտեսական մասնակցութեամբ ու վարչական դիրքեր գրաւելով այլազան կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններուն մէջ, թէ՛ ալ ընկերային, բարեսիրական երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ գործակցութիւնը:

Կայ նաեւ անշուշտ մեր ներկայութիւնը հանրութեան զգալի դարձնելու խնդիրը, որ հայութիւնն ու հայ մշակոյթը, այլեւ հայութեան խնդիրները շրջապատին ծանօթացնելու պիտի ծառայեն:

Ահա այս բոլորը եւ տակաւին աւելին մեր ծրագրումի օրակարգին վրայ պիտի ըլլան:

Սփիւռքի այլ գաղութներուն հետ յարաբերութիւնները

Այս ալ` տարբեր մարզ մը, որ չի սահմանափակուիր պարզապէս շրջանային մարմիններու միջեւ կապերով: Իւրաքանչիւր գաղթօճախ ինքզինք պիտի զգայ որպէս շղթային մէկ օղակը: Ասիկա չի կատարուիր լուրերու փոխանակութեամբ, ու պատահական ու չծրագրուած կերպով արուեստագէտ մը կամ խումբ մը մէկ գաղութէն միւսը հրաւիրելով: Փոխադարձ ծանօթացումը, փորձառութիւններու փոխանակումը, մարդուժի միատեղ օգտագործումն ու տակաւին այլ հարցեր կը ծրագրուին իրարու հետ խորհրդակցութեամբ, կը գործադրուին համագործակցաբար: Գաղութները եւ նոյնիսկ նոյն գաղութի տարբեր գաղթօճախներն ու համայնքները իրարու հետ սերտ կապերով զիրար կը զօրացնեն, կ՛ամրապնդեն:

Հասարակաց խնդիրներու լուծումները միասնաբար կ՛որոնուին, նիւթական կռուանները միասնաբար կը ստեղծուին:

Այս առնչութեամբ ալ մենք ճամբուն սկիզբն ենք միայն, եւ մեր կազմակերպութիւնները, հակառակ իրենց կեդրոնական ու շրջանային կառոյցներուն, շատ հեռու են համահայկական առումով գործերը զարգացնելու ու վարելու արդիւնաւէտ գործելակերպէն: Ու տակաւին, այդ մարմինները ունին հատուածական բնոյթ միայն, այս կամ այն կուսակցութեան կամ թեմին պատկանող, սակայն չունին այդ բոլորն ալ միատեղ աշխատցնելու համակարգը: Եւ չունինք սփիւռքի կառավարութիւն…

Հայրենիքին հետ յարաբերութիւնները

Այս ոլորտն ալ իր զարգացման գործընթացին ստորոտը կը գտնուի: Ոչ մէկ ծրագիր` սփիւռքի ու հայրենիքի յարաբերութիւններու ապագայ ընթացքը որոշելու համար: Այդ յարաբերութիւնները կ՛ընթանան բարի կամեցողութեան ու փոխադարձ հանդուրժողութեան սկզբունքներով, բայց` ոչ միասնաբար մտածուած ու գործադրութեան դրուող ազգային ծրագրի մը համաձայն:

Հայութեան մեծամասնութիւնը հանդիսացող սփիւռքը իր նիւթական ու բարոյական հնարաւորութիւններով եւ հայրենիքը իր հետզհետէ ձեռք ձգուող պետական փորձառութեամբ ու մանաւանդ մշակութային ժառանգութեամբ շատ բան ունին իրարու տալու եւ իրարմէ առնելու:

Իւրաքանչիւր հայորդի, իւրաքանչիւր հայկական կազմակերպութիւն, իւրաքանչիւր հայ համայնք ինչպէ՞ս կ՛առնչուի Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէ՞ս իր առօրեային մասը կը դարձնէ զանոնք, ինչպէ՞ս իր մասնակցութիւնը կը բերէ անոնց զարգացման ու ամրակայման: Փոխադարձաբար, հայրենիքը ի՞նչ կ՛ընէ իւրաքանչիւր հայորդիի, իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ու իւրաքանչիւր համայնքի զգացնելու, որ ինք մաս կը կազմէ հայութեան, մէ՛կ հայութեան, ամբողջակա՛ն հայութեան: Իրերու ներկայ ընթացքը այս ուղղութեամբ չի զարգանար: Ահա այս մարզին մէջ, մանաւա՛նդ այս մարզին մէջ համատեղ ծրագրումի մեծ կարիք կայ:

Ամփոփենք ու եզրակացնենք:

Ծրագրումի անժամանցելի անհրաժեշտութիւնը կայ: Պէտք է որ հաւաքաբար գիտակցինք ասոր: Համահայկական առումով:

Ծրագրումը սկսելու է ամէնէն առաջ կազմակերպական ոլորտէ, ու ամէնէն վարի` տեղական մակարդակէն, միշտ նկատի ունենալով սակայն միջին ու վերին մակարդակներու կարիքներն ու պահանջները: Կազմակերպական ոլորտը կը բաղկանայ մարդկային ներուժէն, տնտեսական ներուժէն ու ֆիզիքական յարմարութիւններէն, որոնց զարգացումը պիտի ծրագրուի:

Կազմակերպական ոլորտին անմիջապէս կ՛առնչուի կրթական ոլորտը, որ գաղթօճախներու գոյատեւման հիմքը կը հանդիսանայ:

Վերջապէս, ներքին ու արտաքին յարաբերութիւններու զարգացումը, յատկապէս հայրենիքին հետ առնչումը նոյնպէս ծրագրումի կը կարօտին, որպէսզի մեր գոյամարտը դառնայ ազդու եւ արդիւնաւէտ:

Ծրագրումը, սակայն, սիրողական գործ չէ, մանաւանդ երբ ազգի գոյատեւումն է խնդրոյ առարկան:

Ազգը օժտուած է ատակ ու անհրաժեշտ մարդուժով: Ազգին ճակատագիրը տնօրինողները  պէտք է գիտնան օգտուիլ այդ մարդուժէն, գործի լծեն զայն ու ծրագրեն մեր զարգացման գործընթացը, մեր ուղին, որպէսզի հազարամեակներէ եկած մեր ջահը կարենանք շարունակել տանիլ դէպի գալիք հազարամեակները…

(Վերջ)

Share this Article
CATEGORIES