2014-ի Մոնտիալ. Սուարես Սկսաւ Իր Փորձերուն
Անգլիական Լիվըրփուլ ակումբին եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յառաջապահ Լուիս Սուարես երէկ սկսաւ իր փորձերուն` առաջին անգամ ըլլալով վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք:
Ըստ բժիշկներուն, 10 օր առաջ վիրաբուժութեան ենթարկուած Սուարես լաւապէս ապաքինելու համար կարիքը ունի չորսէն վեց շաբթուան:
2014-ի Մոնտիալին կազմ եւ պատրաստ ըլլալու համար ան շատ քիչ ժամանակ ունի:
Անոր կազմը առաջին մրցումը պիտի կատարէ 14 յունիսին, երբ Պրազիլի մէջ ճակատի Քոսթա Ռիքայի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

