Օզպիլիսի Վերադարձը Վեց Ամիս Ե՞տք…

Արազ Օզպիլիս (ձախին)

Արազ Օզպիլիս (ձախին)

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Արազ Օզպիլիս նախորդ շաբաթավերջին Ալճերիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին վիրաւորուելով այդ հանդիպումը չկրցաւ շարունակել:

Ըստ ռուսական մամուլին, անոր աջ ոտքին ծունկը ծանրօրէն վիրաւորուած է: Թէեւ ան յաւելեալ քննութիւններու պիտի ենթարկուի մօտերս` Հռոմի մէջ, սակայն այսպիսի վնասուածքներու ապաքինումին համար նուազագոյնը վեց ամիս կը պահանջուի:

Նշենք, որ 24 տարեկան Օզպիլիս այսպիսի վնասուածք մը ստացած էր, երբ նախապէս մաս կը կազմէր Այաքս Ամսթերտամին:

Share this Article
CATEGORIES