Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – Ռիատի` 2-2

10300628_10152470469919429_88835254211266644_nԼիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Ղազիրի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սաժես Պէյրութի յաղթանակով, որ 71-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատի Պէյրութը (10-16, 24-27, 43-43 եւ 71-61):

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սաժես հաւասարեցուց արդիւնքը` 2-2:

Հինգերորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հիգշաբթի, Մանարայի մէջ:

Սաժեսէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 20 կէտ եւ 8 ռիպաունտ, իսկ Ռիատիէն Իսմայիլ Ահմետ` 19 կէտ եւ 5 ռիպաունտ:

Share this Article
CATEGORIES