Նանճինկ-2014. Քրիսթել Տուէյհի Ապահովեց Երիտասարդներու Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն Իր Տոմսը
Ինչպէս ծանօթ է, օգոստոսին Նանճինկի մէջ (Չինաստան) տեղի պիտի ունենան երիտասարդներու ամառնային ողիմպիական խաղերը:
Նախանցեալ օր, Լիբանանի լողորդ Քրիսթել Տուէյհի (16 տարեկան), որ մաս կը կազմէ Աքուամարինա ակումբին, ապահովեց այդ խաղերուն իր տոմսը` 800 մեթր ազատ լողի մրցումներուն արձանագրելով 9′ 21″ 10 արդիւնք մը:
Նշենք, որ անոր արձանագրած այս արդիւնքը` 16-17 տարեկան դասակարգին մէջ, լիբանանեան մրցանիշ մըն է:
CATEGORIES Մարզական

