Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ զղջաք ձեր ըրած բարիքին համար, երբ անդրադառնաք, թէ անարժան անձի մը հետ է ձեր գործը: Ըրէք ձեր կարելին` ձեր խիղճը հանդարտեցնելու համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Որոշուած ծրագիր մը պիտի յետաձգէք առ այժմ` կարգ մը անակնկալ պատճառներու համար: Համբերութիւնը աւելի օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի: Մի՛ վհատիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամներու կողմէ պտոյտի մը պիտի հրաւիրուիք: Ընդառաջեցէք, քանի որ կարիք ունիք հանգստանալու եւ մաքուր օդ ընդունելու: Օրը յաջող պիտի ըլլայ եւ` երջանկաբեր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կեանքը ունի ձեր որոշածէն աւելի լաւ որոշումներ: Ինքնագլուխ մի՛ գործէք, հետեւեցէք բախտին բերած անակնկալին, որուն մասին չէիք մտածած:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրամատուն պէտք է երթաք ձեր հաշիւները ստուգելու համար: Մոռացումով կրնաք վնասել, հետեւեցէք օրինական ծրագիրներուն, կրնաք հանգստանալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նկատի մի՛ առնէք տգիտաբար ըսուած խօսքերը, քալեցէք ձեր ճամբան այնպէս , ինչպէս որ որոշած էք: Կրնաք հանդիպիլ ձեր որոշումը սխալ նկատող անձերու, կարեւորութիւն մի՛ տաք, լսեցէք միայն ձեր ներքին ձայնը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, ուշադիր եղէք դեռատի զաւակներու դաստիարակութեան, մտածեցէք դէպի բնութիւն պտոյտ մը կատարելու մասին: Ուրախացուցէք զանոնք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նամակագրութիւնը լաւ աշխատանք է: Մի՛ ծուլանաք պատասխանելու ձեր հարազատներուն կամ բարեկամներուն նամակներուն: Մի՛ զլանաք նաեւ այցելելու մօտիկ բարեկամներու, գիտցէք, որ մեկուսանալը անօգուտ է, կը տխրեցնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Թոյլ տուէք, որ ձեր ըրածին մասին ուրիշներ խօսին, ինքնագովութիւնը կը վնասէ ձեր վարկին: Համեստութեան մէջ է ուժը եւ պատիւը, իմաստուն եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մոռցէք ամէն ինչ եւ ջանացէք լաւատեսութեամբ նոր ծրագիրներ մշակել: Հեռու մնացէք նախանձողներէ, երբ ճանչցած էք զանոնք: Խաղաղ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր հրապոյրը նոր յաջողութիւն պիտի բերէ ձեզի: Ձեր շնորհները նկատի պիտի առնուին նոյնիսկ անծանօթներու կողմէ: Մնացէք այնպէս, ինչպէս որ էք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անտարբեր մի՛ մնաք ձեզմէ օգնութիւն խնդրող անձի մը դիմաց, մանաւանդ երբ խնդրանքը բարոյական աջակցութիւն մըն է: Օր մըն ալ դուք նման կարիք մը կ՛ունենաք: Բարիքը բարիք կը բերէ անպայման:

