Այլազան. «Ֆրամ Իթըլի Ուիթ Լաւ»
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամալիա Խաչիեան իտալահայ է, ան ունի նորաձեւութեան վերաբերող պլոկ մը, որ կը կոչուի «Ֆրամ Իթըլի ուիթ լաւ»: Նիուզ տոթ էյ. էմ.ին հետ կատարուած հարցազրոյցէն քաղուածաբար կու տանք հետեւեալ տեղեկութիւնները:
Ամալիա արդէն 3 տարիէ ի վեր Իտալիա տեղափոխուած է, ամուսնացած է եւ ունի 2 տարեկան երեխայ մը:
«Ֆրամ Իթըլի ուիթ լաւ» պլոկով ան կը փորձէ ընթերցողին ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համադրել գոյները, հագուստը, ըլլալ բազմաոճ, կոտրել կարծրատիպերը եւ միեւնոյն ժամանակ ըլլալ կանացի, ստեղծագործ, նորաձեւ եւ ինքնատիպ:
Ամալիայի կարծիքով, նորաձեւ եւ ոճային ըլլալու համար պէտք է նախ եւ առաջ ճանչնալ սեփական մարմինը, քանի որ ամենանորաձեւ հագուստն անգամ նորաձեւ չէ, եթէ անիկա մեր մարմնի կառուցուածքին չի համապատասխաներ: Ան կ՛աւելցնէ, որ շատ կարեւոր է տիրապետել ճիշդ հագուստը ճիշդ տեղը կրելու արուեստին:
Խաչիեան կ՛աւելցնէ, որ ամէն կին տարբեր է, բայց իր կարծիքով, սեւ փոքրիկ զգեստը, վայելող թայէօրը, ճինզ տաբատը, ճերմակ շապիկը, զոյգ մը բարձրակրունկ կօշիկը, զոյգ մը սփոր կօշիկը եւ որոշ աքսեսուարներ կնոջ զգեստապահարանի անհրաժեշտ տարրերն են:
Բացի նորաձեւութեան պլոկով զբաղելէ, Ամալիա անգլերէն կը դասաւանդէ Պանքա տէլ Թեմբօ (Ժամանակի պանք), որուն հետ գործակցաբար հագուստեղէն կ՛ապահովէ Հայաստանի անապահով երեխաներուն համար: Արդէն առաջին ծանրոց մը ուղարկուած է եւ տեղ հասած` COAF-ի (Չիլտրըն աֆ Արմենիա ֆանտ) միջոցով: Ան համոզուած է, որ COAF-ի հետ համագործակցութիւնը պէտք է շարունակական բնոյթ ունենայ:
Վերջապէս, Ամալիա կը յայտնէ, որ շատ երազներ ունի եւ կը ջանայ իրականացնել զանոնք: Ծրագրած է, որ իր պլոկը համաշխարհային ճանաչում ստանայ եւ ստեղծէ հագուստի եւ աքսեսուարներու անձնական վաճառանիշ:
Այլազան
Կօշիկ Եւ… Բնաւորութիւն
Հոգեբաններու կարծիքով, կօշիկը մարդոց բնաւորութեան հայելին է: Կօշիկին արտաքին տեսքը շատ բան կը պատմէ տիրոջ հետաքրքրութիւններուն, ցանկութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն մասին:

ԲԱՐՁՐԱԿՐՈՒՆԿ ԿՕՇԻԿ կրողները թէեւ ինքնաքննադատ, բայց շատ յաճախ ինքնագոհ անձեր կ՛ըլլան: Այս ձեւի կօշիկ կրողները կը սիրեն ինքնավստահութիւն ցուցաբերել եւ առհասարակ ուժեղ եւ անկախ կիներ կ՛ըլլան:

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿՕՇԻԿ հագնող անձերը չեն կրնար նոյն տեղը երկար մնալ: Միշտ կը փորձեն ամէն տեղ հասնիլ: Այս ոճի կօշիկ կրողները շատ պահանջկոտ են ե՛ւ իրենց, ե՛ւ շրջապատին հանդէպ: Վերջապէս անոնք յաճախ շրջահայեաց եւ անկախ կիներ են:

ՑԱԾԱԿՐՈՒՆԿ ԿՕՇԻԿ կրողները հեղինակութիւն վայելող անձեր են եւ առողջ յաւակնութիւններ ունին: Անոնք նաեւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան տէր անձեր են եւ իրենց շուրջը յարմարաւէտութիւն ստեղծելու մեծ ունակութիւն ունին:
Ինչպէ՞ս Արագօրէն Ձերբազատիլ
Հոգեկան Ընկճուածութենէն
Հոգեկան ընկճուածութիւնը (ընկճախտ, սթրեսը) մեր կեանքի անբաժան մասն է: Երթեւեկի խճողումները, գործէն ուշանալը, գործատիրոջ հետ լարուած խօսակցութիւնը, նիւթական դժուարութիւնը, երկրին անապահով վիճակը բաւարար պատճառներ են, որպէսզի բոլորս ալ մատնուինք հոգեկան ընկճուածութեան:
Բարեբախտաբար կան դիւրին միջոցներ` ընկճախտէն արագօրէն ձերբազատելու համար:

Տնային անասուններ
Ընտանի անասուններուն հետ շփումը լաւ ազդեցութիւն կը գործէ մարդու զգացական վիճակին վրայ: Շան հետ զբօսնելը, կատուն շոյելը, ձուկերը դիտելը կամ թռչունին հետ «խօսիլը» կ՛օգնեն տրամադրութիւնը բարձրացնելու:

Մտերիմ ընկերոջ մը դիմել
Եթէ հոգեպէս անհանգիստ կը զգաք, հեռաձայնեցէք մտերիմ ընկերոջ մը: Գաւաթ մը սուրճի կամ բաժակ մը հիւթի շուրջ հաճելի նիւթեր արծարծեցէք եւ քանի մը ժամ մոռցէք ձեր հոգերը:

Բնութիւն
Բնութեան գիրկը կը չքանան անհանգստութիւնները: Անտառ կամ ծովեզերք գացէք, մաքուր օդ շնչեցէք եւ բնութեան գեղեցկութիւնը վայելեցէք. ասոնք անփոխարինելի դեղեր ե

Լուսանկարներ
Առէք լուսանկարներու հին ալպոմ մը եւ դիտեցէք ձեր մանկութեան նկարները… Ծանր մտքերուն կը յաջորդեն ջերմ յիշողութիւնները:

Երգ, պար
Երաժշտութիւնը հիւանդութեան դեղամիջոց համարուած է: Ջիղերը հանգստացնելու երաժշտութիւն ունկնդրեցէք, երգեցէք եւ պարեցէք:

Ջուր
Ընկճախտը կարելի է ջուրով լուալ… Տաք լոգանք առէք եւ պաղ ջուրով աւարտեցէք զայն: յիշողութիւններ

Մարզանք
Հոգեկան ընկճուածութիւնը մեղմելու արագ միջոց է նաեւ մարզանքը: Քալեցէ՛ք, լողացէ՛ք, հեծանիւ քշեցէք եւ կամ` շնչառութեան վարժութիւններ կատարեցէք:
Բաներ, Որոնք Աւելի Յաճախ Պէտք Է Մաքրել
Ահաւասիկ` ցանկը 15 իրերու, որոնք աւելի յաճախ պէտք է մաքրել:
1.- Բարձի երեսները` առնուազն` շաբաթական դրութեամբ:
2.- Լուացքի մեքենան 3 ամիսը անգամ մը:
3.- Պնակեղէն լուացող մեքենան` ամսական դրութեամբ:
4.- Խոհանոցի լուացարանը` օրական:
5.- Սաւանեղէնը` շաբաթական դրութեամբ:
6.- Լոգարանի գորգը` շաբաթական դրութեամբ:
7.- Շպարի վրձինները` շաբաթական դրութեամբ:
8.- Գորգերը` շաբաթական դրութեամբ, իսկ եթէ ընտանի անասուններ կան տունը` օրական:
9.- Ձեռքի պայուսակը` առնուազն ամիսը անգամ մը:
10.- Վերմակները` ամսական դրութեամբ:
11.- Բազկաթոռները` առնուազն տարին 2 անգամ:
12.- Դռներուն բռնակները` շաբաթական դրութեամբ:
13.- Հեռաձայնի ընկալուչը` օրական:
14.- Հեռավարները (ռիմոթ քոնթրոլ) օրական:
15.- Սառնարանը` առնուազն ամիսը անգամ մը:
Խոհագիր
Կանկառ` Սխտորով
Խոհագիրը նախատեսուած է 4 անձի համար, պատրաստութիւնը դիւրին է եւ ընդամէնը 10 վայրկեան կը տեւէ, իսկ եփի տեւողութիւնը` 30 վայրկեան:
Բաղադրութիւն
4 կանկառ
6 պճեղ սխտոր
4 սանթիլիթր ձէթ
1 ապուրի դգալ քափր
1 կիտրոնի հիւթ
Աղ
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ ջուր եռացնել, թէյի դգալ մը աղ աւելցնել եւ եռացնել:
Կանկառներուն պտղակոթերը կտրել, լուալ եւ եռացած ջուրին մէջ եփել շուրջ կէս ժամ:
Մինչ այդ սխտորները ճզմել, աւելցնել ձէթը, պտղունց մը աղ եւ խառնել, վերջաւորութեան աւելցնել քափրի գնդիկները եւ կիտրոնի հիւթը:
Եփած կանկառները քամոցի մէջ փոխադրել եւ ձգել, որ քիչ մը պաղին, զանոնք մէկ երրորդով կտրել, կեդրոնի մազմզուքները մաքրել եւ փոխադրել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ: Իւրաքանչիւրին կեդրոնը լեցնել սխտորով խառնուրդէն մէկ-երկու դգալ եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայրենիք
Լեռ ու անդունդ, ձոր ու կատար,
Ապառաժներ պատառ-պատառ,
Քարէ թռիչք, քարէ անկում,
Ու խենթ գետեր, որ յորձանքում
Եւ ժայռերի շուրթին հասած,
Դառնում են ծուխ ու ջրի ամպ…
Իմ հայրենի երկիրն է սա
Անդունդներով գլխապտոյտ,
Գլխապտոյտ իր վեհութեամբ:
Լեռներն այստեղ բարձր են այնքան,
Որ անգամ ինքն` արծիւ արքան,
Թեւ չի բախում նրանց ձիւնին,
Ձորերն այստեղ խորն են այնքան,
Որ ձմեռուայ կէսին անգամ
Բո՜ց է հագնում յանկարծ հոնին:
Քարերն այստեղ կարծր են այնքան,
Որ բախուելիս շա՜նթ են ցանում,
Բայց եւ իրենց սրտից յանկարծ
Ծաղկի քնքուշ ծի՜լն են հանում:
Հողմերն այստեղ այնքան են բիրտ,
Որ լեռներից ժայռ են պոկում
Ու գլորում անդունդն ի վար,
Հովերն այնքան են քնքշասիրտ,
Որ ծաղկի դէմ խոնարհ չոքում,
Աղօթում են մեղմ ու շուար:
Իմ հայրենի երկիրն է սա
Իր քնքշութեամբ
Ու կարծրութեամբ,
Իր խորութեամբ,
Ու բարձրութեամբ…ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

