Ասատ Պաշտօնապէս Յաղթական Յայտարարուեցաւ

Նախագահ Ասատ
Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է Պաշշար Ասատ, որ ստացած է քուէներուն 88.7 առ հարիւրը, անոր մրցակից Հասան Նուրի` 4.3 առ հարիւրը, իսկ Մահեր Հաժար` 3.2 առ հարիւրը:
Սուրիոյ գերագոյն դատարանի բանբեր Մաժետ Խատրա իր կարգին յայտարարեց, որ քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 73.42 առ հարիւր էր:
CATEGORIES Միջազգային

