Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ ազգային առումով Պքերքէ ունի առանցքային դերակատարութիւն եւ անոր մտահոգութիւնն է ներքին գժտութիւններուն վերջ տալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր յայտնեց, որ Հըզպալլա նեղացած է Պքերքէէն, որովհետեւ Պքերքէ մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին` անոնց միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ հիմնական հարցը կը կայանայ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ նախագահական ընտրութենէն խուսափելուն մէջ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ դարձաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրիի ընթրիքի հիւրը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւնը կատարել` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումները, որոնք բաւարարաչափ սերտուած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի խստիւ քննադատեց Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն վրայ կատարուած նախանցեալ օրուան նախագահական ընտրութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին պատասխանատուութիւնն է կազմել խորհուրդ մը, որ հետապնդէ Սուրիոյ բանտերուն մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա եւ Վատիկան կը վարեն շրջանային խորհրդակցութիւններ, որոնց նպատակն է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն հաստատեց, որ կարելի չէ հզօր նախագահ մը ընտրելու կամքը ջլատել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ստանձնէ այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կը սանձեն սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հոսքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը տարիներ պիտի տեւէ` աւելցնելով, որ իրենք եւ Սուրիոյ ազատ ժողովուրդը մէկ դատ կը հետապնդեն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի անդամներ գրաւած են սուրիացի քաղաքացիներու անձնաթուղթերը եւ քուէարկած անոնց փոխարէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի ընդգծեց, որ ամբողջ աշխարհը սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ իր պարտականութիւններէն թերացած է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի Լիբանանի մէջ ստեղծուած նախագահական դատարկութեան պատասխանատուութիւնը վերագրեց քրիստոնեայ համայնքին եւ յատկապէս Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր օգնականներէն մէկը պիտի գործուղէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ` իմանալու համար նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան մասին Հարիրիի կարծիքը:

ԱՔՔԱՐԻ մէջ Մուսթաֆա Սուֆան անունով լիբանանցի քաղաքացի մը սպաննեց իր 18-ամեայ դուստրը` Ուալա Սուֆանը: Գործուած այս ոճիրին մասին հետաքննութիւն բացուած է:

Share this Article
CATEGORIES