Նիքոլա. «Ռայի Պատրիարքը Եկեղեցւոյ Պետն Է Եւ Ան Ատակ Է Ստանձնելու Իր Գործերուն Պատասխանատուութիւնը»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլայի տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ինք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Ս. հողեր կատարած այցելութեան մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն կամ մեկնաբանութիւն կատարած է` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը մարոնի եկեղեցւոյ պետն է եւ ան բաւականաչափ ատակ է` ստանձնելու համար իր գործերուն եւ առած քայլերուն պատասխանատուութիւնը` քաղաքական թէ հովուապետական որեւէ պարտականութեան առումով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Նեպիլ Նիքոլա բնաւ ցեխարձակումներ չէ կատարած Ռայի պատրիարքին հասցէին, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտուեցաւ կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ Նիքոլայի վերագրուած ապատեղեկատուութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

