Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Ընդհանուր Գործադուլի Օրեր Կը Յայտարարէ 9 Եւ 10 Յունիսը

Հաննա Ղարիպ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ բողոքի նստացոյց մը գործադրեց Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց` պահանջելով ուսուցիչներու եւ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը:
Նստացոյցին ընթացքին խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ խորհուրդը անշեղ կը մնայ իր կեցուածքներէն եւ կը միտի սառեցնել պետական մարզն ու պոյքոթի ենթարկել պետական քննութիւնները:
Ան մաղթեց, որ երեքշաբթի, 10 յունիսին գումարուելիք օրէնսդրական նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել իրենց իրաւունքները եւ վերջ տալ այս հարցին, որուն համար եռամեայ պայքար կը մղուի:
Նշենք, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհուրդին առնելիք մագլցողական յաջորդ քայլերը:
Նիստէն ետք խորհուրդին կողմէ երկուշաբթի, 9 եւ երեքշաբթի, 10 յունիսը յայտարարուեցան ընդհանուր գործադուլի օրեր` պետական բոլոր հաստատութիւններուն, նախարարութիւններուն, քաղաքապետարաններուն, նահանգապետութիւններուն եւ վարչապետարանին մէջ:
Խորհուրդին համաձայն, երկուշաբթի, 9 յունիսին բողոքի նստացոյց մը պիտի կատարուի Պիր Հասանի մէջ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան դիմաց, իսկ երեքշաբթի, 10 յունիսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ:
Ըստ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին, եթէ 10 յունիսի խորհրդարանի նիստին ընթացքին աշխատավարձերու յաւելումները չվաւերացուին, ապա իրենք չորեքշաբթի, 11 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, բաց նստացոյց մը պիտի կատարեն կրթութեան նախարարութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ կիրակի, 15 եւ երկուշաբթի, 16 յունիսին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նստացոյցներ պիտի կատարեն արհեստից եւ թեքնիք դպրոցներու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին դիմաց, Տըքուանէ:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ պոյքոթի ենթարկելու 12 յունիսին սկսելիք պետական քննութիւնները` հարցարաններ պատրաստելու, քննութիւններուն հսկելու, սրբագրութեան հիմքերը ճշդելու եւ սրբագրելու առումով:

