Վարչապետ Սալամ Մտահոգ Է Օրէնսդիր Իշխանութեան Սառած Իրավիճակով

Սալամ` Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Սալամ` Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզի:

Հանդիպումէն ետք Մահֆուզ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ նեղացած է երկրին մէջ տիրող լարուածութեան մթնոլորտէն. ան շեշտեց, որ եթէ լարուածութիւնը նոյն ձեւով շարունակուի, ինք պիտի ստիպուի ճիշդ անունով նշել հարցերն ու կացութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի անուանէ քաղաքական այն  կողմերը, որոնք կը խոչընդոտեն պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը եւ լարուածութիւն կը ստեղծեն գործադիր իշխանութեան եւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցով:

Մահֆուզ նշեց, որ վարչապետ Սալամը նեղացնող իսկական հարցը նախագահական դատարկութիւնն է, ինչպէս նաեւ երկրին օրէնսդրական իշխանութիւնը հարուածող սառած իրավիճակը:

Մահֆուզ ըսաւ նաեւ, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդին աշխատանքը` աւելցնելով, որ խորհուրդը լսատեսողական լրատուամիջոցներու աշխատանքներուն մասին շաբաթական դրութեամբ տեղեկագիրներ պիտի տրամադրէ երկրին քաղաքական ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն:

Ան աւելցուց, որ վարչապետ Սալամի փոխանցած են, թէ կառավարութեան մէջ տիրող աշխատանքի դրական մթնոլորտը իր դրական դրսեւորումը ունեցած է տարբեր լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES