Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Զօր. Աունը Եւ Շնորհաւորեց Սիսին

Զօր. Աուն եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը` ընկերակցութեամբ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք Պըրրիի հետ քննարկած է կարեւոր հարցեր, որոնց շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու կարիք կայ:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մօտիկ ապագային կանոնաւորել աշխատանքը, որոնցմէ նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքը:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը քննարկումի լոյսին տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ նախքան դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ իր կատարելիք քննարկումները ոչ մէկ քայլի մասին կրնայ յայտարարել:
«Խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեցինք լուծման բոլոր կարելիութիւնները եւ շատ հաւանաբար յաջորդ շաբթուան ընթացքին կարելի ըլլայ լուծումներու յանգիլ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն աւելցուց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը առկայ է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Լիբանան այցելութեան մասին լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով` զօր. Աուն ըսաւ, որ ինք այդ մասին կրնայ մեկնաբանութիւններ կատարել Քերրիի այցելութենէն ետք, անոր կատարած յայտարարութիւններուն հիման վրայ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որուն հետ քննարկեց երկրին ներքին ապահովութիւնն ու քաղաքապետարաններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Մաշնուք շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը բոլոր լիբանանցիներուն հարցն է եւ ոչ թէ լիբանանեան քաղաքական ուժի մը կամ համայնքի մը: Ան ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով չսառեցնելու խորհրդարանին աշխատանքները:
Պըրրի նամակով մը շնորհաւորեց Ապտել Ֆաթթահ Սիսին` անոր Եգիպտոսի նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Պըրրի իր եւ լիբանանեան խորհրդարանին անունով բարեմաղթութիւններ ուղղեց Սիսիի` յոյս յայտնելով, որ Եգիպտոսի մէջ տագնապը լուծուի եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:
Պըրրի մաղթեց, որ Սիսիի օրով Եգիպտոս վերագտնէ քոյր երկիրները իրենց դիմագրաւած տագնապներէն դուրս բերելու դերակատարութիւնը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է զգուշանան, որովհետեւ եթէ խորհրդարանին աշխատանքը խոչընդոտուած կերպով շարունակուի եւ անիկա իր օրէնսդրական դերակատարութիւնը չկատարէ, կառավարութիւնը իր կարգին հրաժարեալ կը նկատուի:
Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ եթէ կարգ մը ուժեր նախագահական դատարկութեան ընթացքին օրէնսդրական աշխատանքին չմասնակցելու պատրուակով խորհրդարանի աշխատանքները պոյքոթի պիտի ենթարկեն, ապա պէտք է փոփոխութեան ենթարկեն նախագահական աթոռի թափուր մնալուն վերաբերող սահմանադրական կէտերը:
«Ամէն պարագայի անոնք ինձմէ պիտի լսեն բաներ, զորս բնաւ չեն լսած, ինչպէս նաեւ պիտի վկայեն իմ կողմէս առնուելիք որոշ դասաւորումներ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 10 յունիս 2014-ին` քննարկելու եւ վաւերացնելու համար պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

