Քերրի Ընդգծեց Լիբանանի Նոր Եւ Հզօր Նախագահ Մը Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Քերրի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Քերրի ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:
Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները Սուրիոյ սահմանները շրջանցած են` աւելցնելով, որ Լիբանան ամէնէն աւելի կ՛ազդուի այդ հետեւանքներէն:
Վարչապետարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քերրի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է աշխարհին տագնապները լուծել, որպէսզի կարելի ըլլայ Պէյրութի մէջ վայելել: «Շրջանային ապահովութեան համար Լիբանան կարեւոր երկիր մըն է, իսկ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն զօրակցելու», ըսաւ Քերրի:
Ամերիկացի պաշտօնատարը անդրադարձաւ Ուաշինկթընի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան համար տրամադրուած 290 միլիոն տոլար գումարին` կոչ ուղղելով Ռուսիոյ եւ Հըզպալլայի ամէն ջանք ի գործ դնելու` կասեցնելու համար Սուրիոյ պատերազմը:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վիճակը բոլորովին տարբեր է` նկատի ունենալով գաղթակայաններու չգոյութիւնը եւ աւելցուց, որ այդ գումարէն 51 միլիոն տոլարը պիտի տրամադրուի Լիբանանին:
«Մենք կը փափաքինք Լիբանանի մէջ տեսնել կառավարութիւն մը, որուն աշխատանքին օտար երկիրներ չեն միջամտեր, ինչպէս նաեւ կ՛ուզենք տեսնել հանրապետութեան հզօր նախագահ մը եւ խորհրդարանի նախագահ մը, որ կը հոգայ լիբանանցիներուն կարիքները», ըսաւ ան:
Քերի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նախանձախնդիր է Լիբանանի եւ անոր ապահովութեան պահպանումին` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ շրջանին կայունութիւնը` աւելցնելով նախագահական դատարակութեան ամէնէն արագ միջոցին վերջ տալու կարեւորութիւնը:
Քերրի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պաղեստինեան պետութիւնը չեն ճանչնար, «իսկ Համասը իրենց համար ահաբեկչական կազմակերպութիւն է», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն` Քերրի յայտնեց, որ Իսրայէլ իրենց դաշնակից եւ բարեկամ երկիր է, «որուն հետ մեր յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուին», եզրափակեց ան:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 9:30-ին վարչապետին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետարանին մէջ Քերրիի տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարուած ամերիկեան-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մասին մանրամասնութիւնները չեն քննարկուած վարչապետ Սալամի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Այն Թինէի մէջ Պըրրի երեկոյեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Քերրի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ նախագահութեան յատուկ թեկնածու չունին եւ ոչ ոքի թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկեն:
Այն Թինէէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, հանդիպումին ընթացքին Քերրի յայտնած է, որ ամերիկեան վարչակազմին համար կարեւոր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահը շեշտած է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ արձանագրուած տագնապներուն էութիւնը պաղեստինեան հարցն է եւ ընդգծած պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ Քերրի հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ` մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի:
Քանի մը ժամ տեւած այցելութենէն ետք, Քերրի երեկոյեան իր անձնական օդանաւով մեկնեցաւ Պէյրութէն:

