Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Շարունակէ Քեսապի Հարցով Ճնշում Գործադրել Օպամայի Վարչակազմին Վրայ

logo-AMNԱմերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը շարունակէ ճնշում գործադրել Պարաք Օպամայի վարչակազմին վրայ, որպէսզի ուղղակի պատասխան ստանայ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ աւանի դէմ յարձակումի գործին մէջ Թուրքիոյ դերին վերաբերեալ:

Հայ դատի գրասենեակը մասնաւորաբար նամակագրութեան մէջ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Նամակներուն մէջ գրասենեակը նշած է, որ ամերիկահայերը շատ անհանգստացած են «վարչակազմի շարունակական դժկամութենէն` ուղղակի հարցումին յստակ պատասխան տրամադրելու առումով»:

Կը նկատուի նաեւ, որ իբրեւ ամերիկացիներ` ներկայացուցիչները ազգի մը, որ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան բերումով պարտաւորութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ, իրենք` ամերիկահայերը, իրաւունք ունին գիտնալու, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը գործընկերութեան մէ՞ջ է ծայրայեղականներու հետ, որոնք Ուաշինկթընի կողմէ «ահաբեկիչ» որակուած են:

Հայ դատի գրասենեակը կը նշէ, որ ամերիկեան իշխանութիւններու հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Թուրքիան իր դերակատարութիւնը ունեցած է, ուստի Օպամայի վարչակարգը այժմ պէտք է հրապարակաւ եւ շեշտակի կերպով հակադրուի Թուրքիոյ` Քայիտայի հետ դաւեր նիւթելուն համար:

2 մայիսին, արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Վիքթորիա Նուլընտ պատասխանած է ամերիկահայերուն, որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ յիշեցուցած են իր` քաղաքացիական հասարակութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութեան մասին: Ան ընդգծած է, որ հայ քրիստոնեաները պէտք է կարելիութիւն ունենան` իրենց նախնիներու հողերուն վրայ ապրելու եւ բարգաւաճելու:

Share this Article
CATEGORIES