Տիտիէ Պուրքհալթեր Երեւանէն Կը Հաստատէ Երկխօսութեան Անհրաժեշտութիւնը

0406Didier-Burkhalter-Tsitsernakaberd-1Հայաստանի նախագահական  նստավայրին մէջ 4 յունիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում` պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի ներկայի նախագահ, Զուիցերիոյ նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթերի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ:

Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ այս հանդիպումը հայաստանեան կողմին համար առանձնայատուկ է, որովհետեւ կը հիւրընկալէ բարեկամ եւ վստահելի գործընկեր Զուիցերիոյ նախագահը եւ միաժամանակ նաեւ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով երկար տարիներէ զբաղող կառոյցի գործող նախագահը: Տիտիէ Պուրքհալթեր իր կարգին, ըսաւ, որ բարդ խնդիրներու լուծման նպատակով անհրաժեշտ է երկխօսութիւն ծաւալել տագնապի բոլոր կողմերուն հետ, եւ ասիկա է Զուիցերիոյ նպատակն ու միտումը` քննարկել եւ երկխօսութիւն կատարել, որպէսզի տագնապներու խնդիրներուն լուծումներ գտնուին: «Շատ շնորհակալ եմ, որ պատրաստած էք երկու դրօշակ, եւ ատիկա մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք հոս երկու պատասխանատուութիւն ունինք, ինչպէս նաեւ կը յիշեցնէ ձեր կատարած աշխատանքին մասին», դիտել տուաւ Զուիցերիոյ նախագահը:

Աւելի ուշ, լրագրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ ուժի կիրարկման սպառնալիքները եւ զինադադարի պարբերական խախտումները մեծ վնաս կը հասցնեն բանակցային հոլովոյթին: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ ինք վերահաստատեց Հայաստանի ցանկութիւնը օր առաջ գտնելու այս բարդ խնդիրի լուծումը: «Մենք համակարծիք ենք, որ խնդիրը զինուորական ուղիով չի լուծուիր, այլ միայն աւելի կը բարդացնէ այս հարցը: Երբ կը խօսուի վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու մասին, մենք յստակ կը նշենք, որ անոնց շարքին առաջնահերթը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ պատշաճ յարգանքի դրսեւորումն է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան: Նախագահը յայտնեց, որ  այս պայքարը ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքի համար մղուող ազգային-ազատագրական պայքար է, եւ լուծում չի գտնուիր, եթէ լիարժէքօրէն հաշուի չ՛առնուի այս իրականութիւնը` շեշտելով,  որ արդիւնաւէտ ըլլալու համար բոլոր բանակցային ջանքերը եւ հոլովոյթները պէտք է հաշուի առնեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դիրքորոշումն ու կարծիքը: Երկու նախագահները նաեւ նշեցին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը այդ տագնապի լուծման լաւագոյն ձեւաչափն է:

«Երկուստեք նշեցինք ԵԱՀԿ-ի բոլոր կառոյցներուն հետ Հայաստանի Հանրապետութեան արդիւնաւէտ փոխադարձ համագործակցութիւնը, եւ ես խնդրեցի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին փոխանցել հեղինակաւոր այդ կառոյցի մեր բոլոր գործընկերներուն Հայաստանի Հանրապետութեան անկեղծ շահագրգռուածութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, խօսքի ազատութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան շարունակական խորացման հարցին մէջ», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Ողջունելով հիւրը` Նալբանդեան նշեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստան եւ Զուիցերիա լուրջ յառաջընթաց արձանագրած են տարբեր մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման առումով եւ Հայաստան լիայոյս է միացեալ ջանքերով աւելի խորացնելու եւ զարգացնելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:

Զուիցերիոյ նախագահը իր կարգին շեշտեց, որ երկու երկիրները ունին շատ լաւ բարեկամական յարաբերութիւններ, ամուր իրաւապայմանագրային դաշտ, եւ կ՛ընդլայնուին գործարար կապերը: Ըստ նախագահին, կը նախատեսուի Զուիցերիոյ գործարարներուն Հայաստան այցելութիւն, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ Զուիցերիայէն ներդրումներ կատարելու Հայաստանի տնտեսութեան մէջ: Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստան կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի մէջ Զուիցերիոյ նախագահութեան եւ պատրաստ է իր ներդրումը բերելու զուիցերիական նախագահութեան առաջնահերթութիւններու իրագործման, որոնց շարքին կարեւոր կը նկատէ ապահովութեան եւ կայունութեան խթանման, Հարաւային Կովկասի մէջ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու իրականացման ուղղուած ջանքերը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան ուղիները, անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան օրակարգային հարցերուն, կազմակերպութեան դերին եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով իրականացուող քայլերուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումները եւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը շեշտեց, որ զուիցերիական նախագահութիւնը անվերապահօրէն կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը եւ ափսոսանք յայտնեց, որ մինչեւ այսօր կարելի չէ եղած իրականացնել միջնորդներուն` միջադէպերու քննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ առաջարկը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ուքրանական տագնապի եւ անոր լուծման ուղիներուն շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան, որուն առնչութեամբ նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց գրասենեակին կողմէ իրականացուող աշխատանքները եւ կարեւոր նկատեց անոնց շարունակականութեան ապահովումը:

Հանդիպումէն ետք Էդուարդ Նալբանդեան եւ Տիտիէ Պուրքհալթեր յուշագիր ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ` երկու նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու կայացման մասին:

Զուիցերիոյ նախագահը երէկ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին եւ ծաղիկներ դրաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Ան նաեւ եղեւնի տնկեց յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ:

Տիտիէ Պուրքհալթեր` Թիֆլիսի Մէջ

0406Burkhalter-Margvelashvili«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի երէկ աւելի ուշ Թիֆլիսի մէջ Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթերի հետ հանդիպումին աւարտին յայտարարած է, որ Վրաստանը ընտրած է իր ճամբան, ատիկա դէպի Եւրոպական Միութիւն տանող ճամբան է, եւ ոչ ոք կրնայ զայն շեղել այդ ուղիէն:

Վրաստանի նախագահը ընդգծած է, որ ամբողջ վրացական հասարակութիւնը, ինչպէս նաեւ` ամբողջ քաղաքական հատուածը միասնական են այն ճամբուն վերաբերեալ, որով կ՛ընթանայ երկիրը:

«Ամբողջ վրացական հասարակութիւնը, ամբողջ քաղաքական հատուածը կատարելապէս միասնական են այն ճամբուն շուրջ, որով մենք կ՛ընթանանք եւ որուն մէջ մենք շուտով նոր փուլ պիտի թեւակոխենք, որն է` Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրումը: Ստորագրման պահէն սկսեալ` Վրաստանը պիտի սկսի աշխատիլ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ», յայտնած է Մարկվելաշվիլի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES