Լիբանանի Մէջ Հայկական Բանակի Խաղաղապահ Գունդ Պիտի Տեղակայուի

0406Seyran_PinottiՀայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 3 յունիսին Պելճիքայի  մէջ հանդիպած է Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Պինոթթիին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-իտալական երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ժամանակաւոր ուժերուն մէջ  համագործակցութեան եւ օժանդակութեան մասին» համաձայնագիրը: Ըստ համաձայնագիրին, Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու իտալական զօրախումբին մէջ պիտի ընդգրկուի հայաստանեան խաղաղապահ գունդ մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES