Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Համաձայնած Է Լսելու Զուիցերիոյ Բողոքը Ընդդէմ Փերինչեքի Հարցով Դատավճիռին

0406ECHRՄարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը երեքշաբթի օր համաձայնած է լսել Զուիցերիոյ կառավարութեան ներկայացուցած բողոքը` դեկտեմբերին դատարանի կայացուցած վճիռին վերաբերեալ, ըստ որուն, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն չէ:

Դատարանը արդարացուցած է թուրք գործիչ Տողու Փերինչեքը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար, բան մը, որ զուիցերիական օրէնսդրութեամբ քրէական յանցանք կը նկատուի:

Զուիցերիոյ Արդարադատութեան դաշնակցային գրասենեակը բողոքարկման մասին յայտարարած էր 11 մարտին:

Թուրքիոյ քաղաքացի Փերինչեք Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար: Ատկէ ետք ան երկու անգամ բողոքարկած էր վճիռը եւ դատարանին մէջ պարտուած, որմէ ետք դիմած էր Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանին, որ 17 դեկտեմբեր 2013-ին վճռած էր, որ զուիցերիական դատարանը խախտած է Փերինչեքի ազատ արտայայտուելու իրաւունքը:

Share this Article
CATEGORIES