Միջազգային Ֆութպոլ. Փերես Յայտնեց Քասիասի Հրաժարագինը
Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, բոլորին ուշադրութեան յանձնեց կարեւոր կէտ մը, որ կը վերաբերի ակումբի բերդապահ Իքեր Քասիասի փոխանցման մանրամասնութիւններուն գծով շրջան ընող տարաձայնութիւններուն:
Փերես ըսաւ. «Քասիաս խումբին գլխաւոր արժէքներէն մէկն է: Ան 19 տարեկանէն սկսեալ մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտի եւ կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել իր կազմին հետ: Ան խումբին հետ պայմանագիր մը ստորագրած է, ուր շատ յստակ կերպով կ՛ըսուի, որ անոր հրաժարագինն է 150 միլիոն եւրօ»:
CATEGORIES Մարզական

