Հայկական Ֆութպոլ. Արտակ Եդիգարեան Վերադարձաւ Վիլնիուս
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Զալկիրիսի (Լիթուանիա) յետսապահ Արտակ Եդիգարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարած փորձերուն ընթացքին ծունկի վնասուածք ստացաւ, վերադարձաւ Վիլնիուս, ուր պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան:
Անոր բացակայութիւնը կրնայ տեւել վեց ամիս:
Նշենք, որ այժմ Հայաստանի հաւաքականը կը գտնուի Մայնց (Գերմանիա), ուր կը պատրաստուի վաղը` ուրբաթ, 6 յունիսին տեղի ունենալիք Գերմանիա – Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ «Քոֆաս Արենա» մարզադաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

