Արցախի Հաւաքականը Նուազագոյն Հաշիւով Պարտութիւն Մը Կրեց Նիսսայէն
Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Շուէտի մէջ տեղի կ՛ունենայ չճանչցուած պետութիւններու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ֆութպոլի հաւաքականը:
Սկզբունքով Արցախ իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէր Զանզիպարի դէմ, սակայն երբ վերջինս անորոշ պատճառով մրցում չուզեց կատարել, Արցախ մրցեցաւ Նիսսայի Կոմսութեան դէմ եւ նուազագոյն հաշիւով պարտուեցաւ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Օլիվիէ Սպորնյի (8-րդ)` գլխու հարուածով մը պարտութեան մատնելով Ստեփան Ղազարեանի պաշտպանած բերդը:
Արցախի հաւաքականը արդիւնքը հաւասարեցնելու քանի մը առիթներ ունեցաւ, առանց սակայն կոլ նշանակել կարենալու:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (96-րդ), օրուան իրաւարարը ի նպաստ Նիսսայի փենալթի մը սուլեց (որ կոլի չվերածուեցաւ): Ատոր դէմ իբրեւ բողոք Անդրանիկ Բարիքեան հրեց իրաւարարին, որուն համար կարմիր քարտ մը ստացաւ: Այսպիսով, Արցախ մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ 27-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստացած էր Գէորգ Պօղոսեան:
Այս մրցումին Արցախի հաւաքականը դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Ստեփան Ղազարեան, Արարատ Առաքելեան, Նորայր Գրիգորեան, Նորայր Սահակեան, Գէորգ Պօղոսեան, Արմէն Պետրոսեան, Արամ Բարեղամեան (Տիգրան Դաւթեան, 86-րդ), Դաւիթ Գրիգորեան (Նորայր Կէօզալեան, 57-րդ), Անդրանիկ Բարիքեան եւ Գէորգ Նռանեան:

