Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Արտակարգ Նիստ

Երէկուան նիստէն
PROFOTO
Երէկ երեկոյեան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ էլ Տիպի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` օրակարգի վրայ ունենալով միայն մէկ կէտ` Սաժես Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ մրցումէն ետք ծագած հարցերն ու կռիւը:
Այս նիստը գլխաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն մեծամասնութեան:
Քանի մը ժամ տեւած այս ժողովէն ետք, ֆետերասիոնը որեւէ պատիժ կամ կախակայում չսահմանեց, այլ կարգ մը կէտերէ բաղկացած պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` հետեւեալ ձեւով.
Երկու խումբերուն միջեւ 5-րդ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար հինգշաբթի, 5 յունիսին, յետաձգուեցաւ շաբաթ, 7 յունիսին, իսկ 6-րդ մրցումը` երկուշաբթի, 9 յունիսին:
Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը (որուն անդամները ունին շատ լաւ փորձառութիւն)` մանրամասն քննարկելու համար Ղազիրի դաշտին վրայ երեքշաբթի, 3 յունիսին 4-րդ մրցումէն ետք ծագած բոլոր հարցերուն մանրամասնութիւնները եւ ըստ այնմ համապատասխան պատիժներ տնօրինելու համար յանցաւորներուն:
Ֆետերասիոնը իր նիստերը պիտի ձգէ բաց (եթէ անհրաժեշտութիւն զգացուի)` լուծումի մը յանգելու համար:

