Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուշադիր եղէք կլիմայի փոփոխութեան, տաք օդէն ցուրտ եւ հակառակը կրնայ վնասել մարմինին` թոքի եւ աղիքներու անհանգստութիւն պատճառելով: Կրամ մը զգուշութիւնը առաջքը կ՛առնէ բարդութիւններու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հիւրասիրութիւնը քաղաքակրթութեան մաս կը կազմէ. այսուհանդերձ, ըստ ձեր ժամանակին կատարեցէք հիւրընկալութիւնը, որպէսզի չխանգարուի ձեր աշխատանքը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հաստատ մնացէք ձեր որոշումին վրայ, որ կը վերաբերի ձեր ասպարէզին: Փոփոխամտութիւնը կը վնասէ, ականջ մի՛ տաք դուրսէն եկած կարծիքներու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրամական եկամուտ մը կրնայ ձեզ ներշնչել նոր ծրագիր մը մշակելու: Այսուհանդերձ, դիմեցէք փորձառու անձերու: Կարծիքներու փոխանակումը օգտակար է միշտ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան հարց մը կարգադրելու համար բարեկամ մը պիտի դիմէ ձեզի: Եթէ հարցը նիւթական պատճառէ կը բխի, ճամբայ մը ցոյց տուէք` տագնապը լուծելու ձեր բարեխօսութեամբ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յոռետեսութիւնը վանեցէք ձեզմէ, որովհետեւ ոչ մէկ պատճառ ունիք: Լաւին մասին խորհեցէք, որպէսզի կարենաք ուրախութեամբ աւարտել ձեզի վստահուած գործերը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր ուտելիքներուն: Պարարտ, իւղոտ ճաշերը կրնան վնասել ձեր առողջութեան: Նախընտրեցէք պարզ ճաշերը: Ուժ տուէք մարզանքին, քալեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երկար ատենէ ի վեր ձգձգուած ծրագիր մը իրագործելու ոգեւորութիւնը պիտի ունենաք: Նիւթական շահ պիտի ապահովէք ուշացած այս իրագործումով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծածկամտութիւնը անհաճոյք կրնայ թուիլ ձեր շրջանակին մէջ: Յայտնեցէք ձեր մտածումները անկեղծութեամբ, առանց ժխտական տրամադրութիւն սեղծելու ձեր խօսակիցին անկեղծութեան նկատմամբ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առողջութիւնը կեանքն իսկ է, հետեւաբար ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան` հետեւելով օգտակար ուտելիքներու, լաւ քնանալու եւ կիրարկելով մարզանք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գլուխ գլխի զրոյց մը պիտի ունենաք սիրելի անձի մը հետ, որ պիտի արտայայտէ իր տեսակէտը` միասնաբար ծրագիր մը կատարելու: Մտածեցէք այդ մասին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ պտոյտի պիտի երթաք ձեր ինքնաշարժով, նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք կառքին վիճակը, հարկ եղած քննութենէն ետք ինքնավստահ ճամբայ ելէք ուրախութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES