50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1964)

Մայիս 28-ը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 31-ին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան 46-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը` խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան:

Հանդէսի նախագահ Լեւոն Յովհաննէսեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձած է մայիս 28-ի խորհուրդին:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Խմբավար Ե. Ալեքսանեանի նուագախումբը մասնաւոր փայլ մը տուած է հանդիսութեան:

Ներկայացուած է խորհրդապատկեր մը` Ա. Ահարոնեանի «Կարօտ հայրենի»-ն:

Բանախօսած է Բէգլար Նաւասարդեան:

Հանդէսի վերջաւորութեան տեղի ունեցած է պար եւ ընտանեկան խրախճանք` ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

 

Նշանաւոր Հայեր Ամերիկայի Մէջ

Տոքթ. Յ. Մ. Յակոբեան
Դաստիարակչական
Ժապաւէններու Արտադրիչ

Միաժամանակ դաստիարակ, ժապաւէն արտադրող եւ մասնագէտ ասիական խնդիրներու, ան կը հաւատայ, թէ դաստիարակութիւնը միակ լուծումն է համաշխարհային հասկացողութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան:

«Կը հաւատամ ազգերու միջեւ դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխանակութեան: Նմանապէս` կը հաւատամ, որ ժապաւէններու ազատ փոխանակութիւնը կը նպաստէ փոխադարձ իրերհասկացողութեան: Այս գետնի վրայ տարուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Ամերիկեան տեղեկատու գործակալութեան աշխատանքները հիացում կը պատճառեն»:

Այսպէս կ՛արտայայտուէր տոքթ. Յ. Մ. Յակոբեան, որ ծնած է Խարբերդ, 1913-ին եւ այժմ կ՛ապրի Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ: Հայրը` տոքթ. Միքայէլ հանրածանօթ մարդ մըն էր Խարբերդի եւ իր շրջակայքի բնակչութեան մօտ: Մօտաւորապէս 25 տարի ան անվիճելիօրէն մնացած էր շրջանի գլխաւոր բժիշկը: Հայր Յակոբեան, որ ծնած էր Այնթապ, իր բժշկական ասպարէզին վրայ շարունակեց մնալ շուրջ 30 տարի եւս` Ֆրեզնոյի մէջ, նախքան իր մահը, որ  պատահեցաւ 1952-ին:

Տոքթ. Յակոբեան, որ եղած է նախկին դասախօս Հնդկաստանի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը համալսարաններուն մէջ, սկսած է ժապաւէններ արտադրել 1953 թուականէն սկսեալ: Ան նախագահն է «Աթլանթիս փրոտաքշընզ ինքորփրէյթըտ»-ի, ընկերութիւն մը, որ մասնագիտացած է ընկերային գիտութեանց եւ մարդկային կենցաղի վերաբերեալ դաստիարակչական ժապաւէններու արտադրութեան մէջ:  Այս ընկերութեան արտադրութիւնները արձանագրած են արտակարգ յաջողութիւններ եւ շահած` մեծ մրցանակներ ցուցահանդէսներու ընթացքին:

Տոքթ. Յակոբեանին ընկերութիւնը արտադրած է 27 ժապաւէններ, որոնց կէսէն աւելին շօշափած են դաստիարակչական նիւթեր, հինգը եղած են դասախօսական եւ վեցը պատրաստուած են հեռատեսիլի համար:

Տոքթ. Յակոբեան հետեւած է Պերքլիի Քալիֆորնիոյ համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին եւ վկայուած: Ան իր տոքթորան ստացած է 1943-ին Հարվըրտ համալսարանէն` որպէս կառավարական հարցերու մասնագէտ: Ան դասախօսած է Օրեկոնի նահանգի համալսարանի տնտեսագիտութեան կաճառին եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին քաղաքական գիտութիւններու կաճառին մէջ: Աւելի ետք ան դասախօսած է Պէյրութի ամերիկեան եւ Հնդկաստանի Պենարես հինտու համալսարաններուն մէջ:

Տոքթ. Յակոբեան կ՛ընդունի, որ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի իր պաշտօնավարութիւնը զգացական ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ, տրուած ըլլալով, որ մօտ յիսուն տարի առաջ իր հայրը հոն է ստացած իր կրթութիւնը: Ան կը յիշեցնէ, թէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի փայլուն ուսանողներէն մէկը` տոքթ. Աւետիս Սանճեան, այժմ ամերիկեան պատմութիւն կը դասաւանդէ Հարվըրտ համալսարանին մէջ:

Գործօն դեր մը ունենալով հայկական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ` անցնող երկու տարիներու ընթացքին ան նախագահած է Լոս Անճելըսի Հայկական միացեալ արուեստներու ընկերակցութեան: Վերջերս ընկերակցութիւնը հովանաւորած է ի նպաստ Վարուժան Գոճեանի տրուած նուագահանդէս մը, որմէ յառաջացած 2000 տոլարի եկամուտը տրամադրուած է Պէյրութէն եկած տաղանդաւոր արուեստագէտին` աւելի կատարելագործուելու համար Ամերիկայի մէջ:

Տոքթ. Յակոբեան անդամ է նաեւ Հայկական ուսումներու եւ պրպտումի ազգային ընկերակցութեան, որ վերջերս հանգանակած էր 400,000 տոլարի հասնող գումար մը` հայկական ուսումներու ամպիոն մը հիմնելու համար Հարվըրտ համալսարանին մէջ: Նոյն կազմակերպութիւնը այժմ ձեռնարկած է նոր հանգանակութեան մը` նման ամպիոն մը հաստատելու համար Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ:

Յամենայն դէպս տոքթ. Յակոբեանի գործունէութիւնը չէ սահմանափակուած միայն հայկական շրջանակներէ ներս: Ան եղած է Ափրիկէի բարեկամ ամերիկացիներու կազմակերպութեան փոխ նախագահը, կազմակերպութիւն մը, որ վերջերս կազմակերպած է երգահանդէս մը Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ` ներկայացնելու համար Մարիամ Մաքեպան: Հանգանակուած են հազարաւոր տոլարներ` բարձրագոյն ուսման հնարաւորութիւն տալու համար ափրիկեցի ուսանողներու Ամերիկայի մէջ:

Տ. Դ.

 

 

Share this Article
CATEGORIES