Կենցաղային Նիւթեր. Մօրուք Կրելու Նորաձեւութիւնը` Եղափոխութեան Արդիւնք

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Կ՛ենթադրուի, թէ մօրուքաւոր դերասաններ Ճորճ Քլունի եւ Պեն Աֆլեք խթանած են մօրուքի մերօրեայ նորաձեւութիւնը:

Կ՛ենթադրուի, թէ մօրուքաւոր դերասաններ Ճորճ Քլունի եւ Պեն Աֆլեք խթանած են մօրուքի մերօրեայ նորաձեւութիւնը:

ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ՄՕՐՈՒՔԻ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱԾ Է ԻՐ «ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ» ԵՒ ԵՏԴԱՐՁԸ ԱՐԴԷՆ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ Է: ՍԱԿԱՅՆ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏԵՆ ՄՕՐՈՒՔ ԿՐԵԼ: ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԱՆՈՆՔ ԿԱՐԻՔԸ ԿԸ ԶԳԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԵՇՏԵԼՈՒ, ԻՐԵՆՑ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԴԻՐՔԸ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ: ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՄՕՐՈՒՔԻ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԻՆ ՏԱՐՈՒԻՆԵԱՆ ՏԵՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Որքան հանդիպինք աւելի մեծ թիւով մօրուք կրող անձերու, այնքան նուազ գրաւիչ կը դառնան անոնք` մաքուր-ածիլուած տղամարդոց տալով մրցունակութեան առաւելութիւնը, ինչպէս կ՛ըսեն աւստրալիացի գիտնականներ:

Երբ «մօրուքի նորաձեւութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին», նախապատուութիւնը կը դառնայ նուազ փշոտ կզակը: Գէթ այս երեւոյթին ականատես կը դառնանք այսօր, ինչպէս կ՛ըսեն գիտնականները:

Անոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է «Ռոյըլ Սոսայըթի Ճըռնըլ. Պայոլոճի Լեթըրզ» թերթին մէջ:

Ուսումնասիրութեան ընթացքին կիներու եւ տղամարդոց թելադրուած է տարբեր դիմագիծեր դատել` «մօրուքի չորս ընդունուած մակարդակներով»:

Արդիւնքը ցոյց տուած է, թէ մօրուքաւոր կամ մաքուր-ածիլուած դէմքերը երկուքն ալ գրաւիչ են, սակայն երբ հազուադէպ են:

Այս երեւոյթը կ՛արտացոլէ եղափոխութեան մէկ առեղծուածը. այսինքն` «հազուադէպ ուղղութիւններու առաւելութիւնը» կամ գիտական բառերով` «ոչ յաճախական բաներու վրայ հիմնուած սեռային ընտրանքը»:

Հարաւային Ամերիկայի յատուկ կափի ձուկերուն արական տեսակները իրենց վառ գոյներով իրարմէ կը տարբերին այս ուժով. անոնց գոյները կը փոխակերպուին` էգ ձուկերուն փոփոխուող նախասիրութիւններուն համաձայն:

Նիւ Սաութ Ուէյլզի համալսարանէն գիտնականներ որոշած են այս վարկածը փորձարկել տղամարդոց դէմքի մազին վերաբերող քննութիւններ կատարելով եւ կամաւորներ մէկտեղած են Ֆէյսպուքի իրենց կայքին վրայ:

«Խիտ եւ լեցուն մօրուքը վերադարձած է` բացարձակ վրիժառութեամբ, եւ մտածեցինք, թէ այս նորաձեւութեան հիմնական եւ յատկանշական մղիչ ուժերէն մէկը ոչ յաճախական բաներու վրայ հիմնուած ընտրանքն է», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն Ռոպ Պրուքս:

«Գաղափարը այն է, թէ հաւանաբար մարդիկ կը սկսին ընդօրինակել Ճորճ Քլունին եւ Եոաքին Ֆինիքսը` անոնց նման մօրուք կրելով: Սակայն, երբ ամէն մարդ կը սկսի կրել նմանօրինակ մօրուք, անոր իւրայատկութիւնը կը նսեմանայ: Հաւանաբար այս պատճառով է, որ այսօր մօրուքի նորաձեւութիւնը հասած է իր «գագաթնակէտին»», կ՛ըսէ Նիւ Սաութ Ուէյլզ համալսարանի դասախօս Պրուքս:

Մօրուքի նորաձեւութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ սովորաբար մօրուքի հետ չառնչուող ասպարէզներ կիրարկող մարդիկ սկսան մօրուք կրել: Օրինակ` դրամատան պաշտօնեաներ, շարժապատկերի աստղեր, նոյնիսկ` ֆութպոլի մարզիկներ:

«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի հաղորդավար Ճերըմի Փաքսմընի մօրուքը իբրեւ վերջին նորաձեւութիւն կարճ ժամանակ մը գովերգուեցաւ Թուիթըրի վրայ:

«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի հաղորդավար Ճերըմի Փաքսմընի մօրուքը իբրեւ վերջին նորաձեւութիւն կարճ ժամանակ մը գովերգուեցաւ Թուիթըրի վրայ:

Ոմանց համաձայն, շրջադարձը արձանագրուեցաւ յունուարին, երբ «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի «Նիւզնայթ» յայտագիրի հաղորդավար Ճերըմի Փաքսմըն ածիլեց իր մօրուքը եւ յայտարարեց` «մօրուքը 2013-ի յատուկ երեւոյթ մըն էր»»:

Փաքսմընի մօրուքը, որ իբրեւ վերջին նորաձեւութիւն կարճ ժամանակ մը գովերգուեցաւ Թուիթըրի վրայ, հրահրեց մօրուքի նկատմամբ վախի (փոկոնոֆոպիա) վիճարկութիւն մը:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ 1453 կիներու եւ 213 տղամարդոց թելադրուած է արժեւորել տղամարդոց տարբեր տեսակի դիմագիծերու գրաւչութիւնը:

Ոմանց ցոյց տրուած են խիտ մօրուքով դիմանկարներ, ուրիշներու` մաքուր-ածիլուած կամ թեթեւ մօրուքով տղամարդոց նկարներ: Երրորդ խումբի մը ցոյց տրուած են չորս տարբերակներ. մաքուր ածիլուած, թեթեւ կամ խիտ նոր բուսած մօրուքով եւ խիտ մօրուքով նկարներ:

Կիներ եւ տղամարդիկ աւելի գրաւիչ նկատած են նորաբոյս եւ խիտ կամ երկար եւ խիտ մօրուքը, երբ անիկա հազուադէպօրէն յայտնուած է լուսանկարներուն շարքին: Նոյնպէս ալ` մաքուր-ածիլուած դիմանկարները, երբ անոնք յաճախակի չէին:

Հետեւաբար Պրուքս եզրակացուցած է, թէ ոչ յաճախական բաներու վրայ հիմնուած ընտրանքը կրնայ իր դերը ունենալ մօրուքի նորաձեւութեան փոփոխութեան մէջ:

«Գիտենք, թէ մօրուքի նորաձեւութիւնը պարբերաշրջաններ կ՛ապրի: Մարդիկ սովորաբար կ՛ըսեն, թէ անիկա կը շրջուի 30 տարին անգամ մը», կը նշէ Պրուքս:

««Իլլասթրէյթըտ Լանտըն Նիւզ» թերթին մէջ կը հանդիպինք հրաշալի յօդուածի մը, որ կ՛ուսումնասիրէ 1871-1972-ի միջեւ առնուած տղամարդոց լուսանկարները: Դէմքին երկու կողմերը ծածկող կիսամօրուքը կը փոխարինուի պեխով, ապա` ամբողջ դէմքը ծածկող պեխ-մօրուքով:

«Բարակ պեխը նորոյթ էր 1970-ական տարիներուն: Ամերիկեան պատկերասփիւռի «Մակնըմ Փի. Այ. յայտագիրներուն յատուկ հաստ պեխերը նորաձեւութիւն դարձան 1980-ական տարիներուն: Ընդհանրապէս մաքուր ածիլուած մարդոց կը հանդիպէինք 1990-ական տարիներուն: Իսկ այժմ վերադարձած է ամբողջ դէմքը ծածկող խիտ մօրուքին նորաձեւութիւնը»:

Պրուքի համաձայն, նորագոյն այս ուղղութեան արմատները հաւանաբար պէտք է փնտռել 2008-ի դրամական տագնապին մէջ:

«Կ՛ենթադրեմ, թէ մօրուքի վերադարձին պատճառներէն մէկը դժուար ժամանակներն են», կ՛ըսէ ան:

«Երիտասարդներ կը մրցին` գրաւիչ թուելու համար, երբ դիւրին չէ գործ ճարելը: Հետեւաբար նախատեսելի է, որ առնականութեան որոշ երեւոյթներ բաւական շեշտուին»:

«Որոշ ապացոյցներու վրայ հիմնուելով կարելի է ըսել, թէ երբ Ուոլ Սթրիթի սակարանային շուկան փուլ եկաւ 1920-ական տարիներուն, մօրուքը դարձաւ նորաձեւութիւն: Հետեւաբար հաւանական է, որ այժմու տնտեսական պայմանները հողը պատրաստած են մօրուքի վերադարձին»:

«Երբ Յունաստանի տնտեսութիւնը քայքայուեցաւ, արդեօք մօրուքը վերադարձա՞ւ: Պէտք է ուսումնասիրել այս մէկը», կը նշէ ան:

Եղափոխութեան առեղծուածներէն մէկը այն է, թէ սեռի մը կողմէ նախընտրութիւն նկատուող ծինական ուժեղ երեւոյթներ պայման չէ, որ արմատանան միւս սեռին մէջ: Այլազանութեան մակարդակը յաճախ կը պահուի:

Անշուշտ ծիները չեն, որոնք կը տարածեն մօրուքի տարբեր նորաձեւութիւնները: Հաւանական է, որ մարդկային տեսանելի այլ պատճառներ գոյութիւն ունին մօրուքի որոշ նորաձեւութիւններու տարածումին մէջ:

«Միշտ ալ մտածուած է, թէ կիներու մազի կարմիր, շագանակագոյն եւ շէկ երանգները տարածուած են իրենց նորութեան յատկանիշին պատճառով: Սակայն ապացոյցները շատ երկդիմի են», կ՛ըսէ Պրուքս:

Պրուքսի գլխաւորած ուսումնասիրողներու խումբը կը ծրագրէ շարունակել մօրուքի նկատմամբ վախի ուսումնասիրութիւնը եւ կը փնտռէ կամաւորներ` իր նորագոյն փորձարկութեան համար, որ պիտի քննէ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը համակրին տարբեր չափի մօրուքներ կրող անձերու:

«Մեր ուսումնասիրութեան համաձայն, կը թուի, թէ նոր բուսած խիտ մօրուքը, այսինքն` 5-10 օրուան մօրուքը ամէնէն աւելի գրաւիչ է: Սակայն խօսքը կը վերաբերի միջին նախընտրութիւններուն», կ՛ըսէ Պրուքս:

«Բարեբախտաբար իրական կեանքի մէջ չենք կենակցիր «միջինի» մը հետ, այլ կ՛ընտրենք անձ մը»:

 

Share this Article
CATEGORIES