Կենցաղային Նիւթեր. Ինչո՞ւ Մարդիկ Չեն Դադրիր Իրենց Մարմինը Դաջելէ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Տասնամեակ մը հոսած մելան. Տէյվիտ Պեքհամ 2002-ին (ձախին) եւ 2012-ին:
ժԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԷԿ ԴԱՋՈՒԱԾՔԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԷՐ ԿԱՄ ՆՈՅՆԻՍԿ ԽԵԹ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԷՐ: ԱՅԺՄ ՄԵԼԱՆՈՎ ԻՐԵՆՑ ՄԱՐՄԻՆԸ ԴԱՋԵԼՈՒ ՍԻՐԱՀԱՐ ԱՆՁԵՐ ՏԵՒԱԲԱՐ ՆՈՐ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՎ ԿԸ ԾԱԾԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ԳԼՈՒԽԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՈՏՔԸ: Ի՞ՆՉ Է «ՄԵԾԱՔԱՆԱԿ» ԴԱՋԵԼՈՒ ԱՅՍ ՄԱՐՄԱՋԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ: «ՊԻ.ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ:
Լորեն Կայսլըր առաջին անգամ աստղի մը ուրուագիծը դաջել տուած էր իր վիզին ետեւը: Նոյնիսկ մայրը մտածած էր, թէ երկչոտ էր եւ պէտք էր գունաւոր աստղ մը դաջել տար:
Սակայն Լորեն արդէն իւրացուցած էր գաղափարը: Այժմ 31 տարեկան է ան եւ ունի իր ձախ թեւէն մինչեւ վիզն ու թիկունքը տարածուող 19-րդ դարու արուեստագէտ Ուիլիըմ Մորիսի մէկ ձեւագծումը:
Ցարդ Լորեն 15 ցաւատանջ ժամեր անցուցած է դաջել տալու համար այս պատկերը, որ տակաւին չէ ամբողջացած:
«Կարելի չէ միայն մէկ դաջուածքով բաւարարուիլ: Միշտ առաջին դաջուածքն է, որ կը շարունակուի», կ՛ըսէ ան:
Ամէնուրեք կը տեսնենք դաջուածքներ: Անոնք յարգանքի արժանացած են: Ժամանակին նաւավարները, բանտարկեալներն ու աւազակախումբերու անդամները դաջուածքներ կը կրէին, իսկ այսօր 5 ամերիկացիէն մէկը դաջուածք մը կը կրէ իր մարմնին վրայ:
Սակայն անոնք, որոնք դաջուածք կը կրեն, չեն բաւարարուիր միայն մէկ եւ թաքուն դաջուածքով մը, ինչպէս Բրիտանիոյ վարչապետին կինը` Սամանթա Քամերոն, որ դլփինի մը պատկերը դաջել տուած է իր կրունկին վրայ եւ զայն կրնայ թաքցնել, երբ որ ուզէ:
Առաւելաբար ներշնչման աղբիւր են աշխարհահռչակ աստղեր, ինչպէս` Տէյվիտ Պեքհամ, որ ունի աւելի քան 34 դաջուածք եւ Չերիլ Քոլ, որուն դաջուածքներու «հաւաքածոյին» մաս կը կազմեն փունջ մը վարդեր, որոնք դաջուած են կռնակէն վար` մինչեւ ոտքերը:
Վաւերական վիճակագրութիւններ չկան գիտնալու համար նման բազմաթիւ դաջուածքներ կրող անձերու թիւը: Սակայն մարտի վերջերուն Լոնտոնի մէջ կայացած Դաջուածքներու միջազգային 9-րդ համագումարը ցարդ մեծագոյնն էր, ինչ որ մտածել կու տար, թէ դաջուածքի սիրահարներու թիւը հետզհետէ մագլցում կ՛արձանագրէ:
Դաջողներ իրե՛նք կ՛ըսեն, թէ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով յաճախորդներ կը վերադառնան` նոր դաջուածքներ ունենալու համար:
«Պահ մը նկատի ունենանք 1980-ական տարիներու հեւի մեթըլ նուագախումբերու անդամները: Անոնցմէ ոմանք մէկ կամ երկու դաջուածք կը կրէին: Եւ մտածել, թէ անոնք իրենց ժամանակներու ռոք աստղերն էին,- կ՛ըսէ Տան Կոլտ, որ դաջած է Քէյթ Մոսի եւ Պրիթնի Սփիրզի նման աստղեր եւ արուեստանոց մը ունի Լոնտոնի Ուեսթ Համփսթետ թաղամասին մէջ:- Իսկ այսօր Լոնտոնի մէջ ոեւէ սափրիչի քով կարելի է հանդիպիլ վիզին եւ ձեռքին վրայ դաջուածքներ կրող տղամարդու մը»:
Այս երեւոյթէն ներշնչուած` բրիտանական «Չենըլ 4» կայանը սփռեց «Մայ թաթու էտիքշըն» (դաջուածքի մոլութիւնս) վերնագիրով յայտագիրներու շարք մը, որ կը ներկայացնէր բազմաթիւ եւ երբեմն տարաշխարհիկ դաջուածքներ կրող անձերու մարմաջը:

«Դաջուածք մը ունէի արդէն, ի՞նչ էր անպատեհութիւնը` երկրորդ մը ունենալու»:
Սակայն ընդհանրապէս սխալ տեղ կ՛առաջնորդէ դաջելու սովորութիւնը մոլութեան եւ անդիմադրելի մարմաջի վերագրելը, ինչպէս կ՛ըսէ Ուեսթմինսթըր համալսարանի դասախօս Վիրեն Սուամի, որ լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ կատարած է դաջուածքներ կրող անձերու վերաբերեալ:
Մարդիկ սովորաբար 27 տարի ետք կը մտածեն երկրորդ դաջուածք մը ունենալու մասին, կ՛ըսէ Սուամի: Հաւանաբար` այն պատճառով, որ առաջին պատկերը դաջել տալէ ետք աւելի երկար կը մտածեն իրենց ընտրանքներուն մասին, որովհետեւ ասեղին սուր ցաւին գնով անդրադարձած են, թէ ի՛նչ կը նշանակէ դաջել:
«Մարդիկ հազուադէպօրէն իրենց մարմնին վրայ պատկեր մը դաջելու արագ որոշում մը կը կայացնեն, կ՛ըսէ Սուամի: Ցաւը մեծ պատուար մըն է: Նոյնպէս` դաջուածքի մը տեւականութիւնը եւ սղութիւնը», կ՛ըսէ ան:
Կայսլըր, որ կ՛աշխատի ճարտարապետական կոթողներու պահպանութեան մարզին մէջ, համաձայն է այս բացատրութեան: Ան իր առաջին եւ երկրորդ դաջուածքները կիտել տուած է չորս տարուան տարբերութեամբ, երկար մտածելէ ետք, թէ ճիշդ ի՛նչ կ՛ուզէ դաջել: Իսկ դաջելու ընթացքին ոչ թէ մոլութիւն մը կամ բնազդային մղում մը գոհացնելու հաճոյքը ապրած է, այլ իւրաքանչիւր նիստի առիթով իր ապրած փորձառութիւնը իրեն տուած է արարքին վրայ հակակշիռ ունենալու զգացումը:
«Ինծի կը թուէր, թէ արդէն գիտէի ցաւը, գիտէի, թէ որքան կրնար տոկալ մարմինս,- կ՛ըսէ ան:- Դաջուածք ունէի արդէն, ի՞նչ անպատեհութիւն կար երկրորդ մը ունենալու մէջ: Արդէն պատուար մը անցած էի, հետեւաբար ոչինչ կրնար կասեցնել զիս»:

Սթուըրթ Ռոսի դաջուածքները կը ծածկեն անոր մորթային հիւանդութիւնը:
Դաջուածքի հոգեբանութիւնը վերջին տասնամեակներուն հետզհետէ աւելի կ՛ուսումնասիրուի ակադեմական շրջանակներու մէջ: Սակայն ի՞նչ բան կը մղէ մարդոց յաւելեալ դաջուածքներ ունենալու, փոխանակ` բաւարարուելու մէկ դաջուածքով: Ուսումնասիրողներ մեծ մասամբ անտեսած են այս հարցումը:
Ուսումնասիրութիւն մը, որ լոյս տեսած է 2012-ին, ի յայտ բերած է, թէ դաջուածքներ կրող եւ առանց դաջուածքի անձերու միջեւ տարբերութիւնները «ընդհանրապէս չնչին են», թէեւ դաջուածքներ կրող անձերը սովորաբար աւելի ընկերային են եւ կարիքը կը զգան «իւրայատկութիւն մը» ցոյց տալու:
«Դաջուածք մը ունենալը սերտօրէն կ՛առնչուի իւրայատուկ անհատ մը ըլլալու գաղափարին հետ,- կը բացատրէ Սուամի:- Մարդիկ տարբեր պատճառներով կը դաջեն իրենց մարմինը, սակայն գլխաւոր պատճառը այս է»:
Այսուհանդերձ, ան կ՛ըսէ, թէ բազմաթիւ դաջուածքներ եւ միայն մէկ դաջուածք կրող անձերու նկարագրային տարբերութեան որեւէ համոզիչ ապացոյց գոյութիւն չունի:
«Կը կարծեմ, թէ դաջուածք մը ունենալը զուտ գեղագիտական նախընտրութիւն մըն է», կ՛ըսէ ան:
Երբեմն նաեւ գոյութիւն ունին այլ պատճառներ:
Սթուըրթ Ռոս կը տառապի մորթային հիւանդութենէ մը, որ սպիտակ պիսակներով կը ծածկէ անոր մորթը: Այս արատները թաքցնելու համար ան վիզէն վար իր ամբողջ իրանը, ներառեալ անութները ծածկած է դաջուածքներով:
Ռոս, որ հոգեբանութեան դասախօս է Պըրմինկհամի Նիւմըն համալսարանին մէջ, իր սեփական փորձառութիւններէն մեկնելով` ուսումնասիրած է իրենց մարմինը մելանով զարդարելու մարդոց մղումները եւ համոզուած է, թէ անոնք, որոնք կը կիտեն իրենց մարմինը, որոշ գոհունակութիւն մը կը զգան:
«Անոնք, որոնք բազմաթիւ դաջուածքներ կը կրեն, աւելի հաճոյք կը զգան դաջելու գործընթացով, քան` արդիւնքով,- կ՛ըսէ ան:- Թէեւ դաջելը ցաւ կը պատճառէ, սակայն միշտ ալ կարելի է հակակշիռի տակ պահել զայն: Հաւանաբար այս պատճառով է, որ բազմաթիւ մարզիկներու մարմնին վրայ ծաւալուն դաջուածքներ կը տեսնենք: Կը նմանի անցումի արարողութեան մը, մարաթոնի մասնակցելու պէս բան մը…»:

Դաջուածք մը ունենալու որոշում մը կայացնելէ ետք հարկ է լսել որոշ խորհուրդներ. դիմել դաջուածք մը կրող անձի մը յանձնարարած մասնագէտին, այցելել բազմաթիւ դաջողներու եւ տեսնել անոնց դաջած պատկերները, արհեստավարժութեան մակարդակը հաստատող վկայագիրները, մաքրութեան որակը, հարցնել հարցումներ, պատասխաններէն դատել: Երբ դաջողի մը բացատրութիւնները վստահութիւն չեն ներշնչեր, հարկ է դիմել ուրիշին:
Ինչպէս այլ բաներ, որոնք ժամանակին կը նկատուէին մշակութային զարտուղութիւն, դաջուածքը եւս որոշ չափով մաս կը կազմէ այսօրուան ընդունուած մշակոյթին: Տէյվիտ Պեքհամի եւ Չերիլ Քոլի նման մեծ ժողովրդականութիւն վայելող աստղերու մարմինը ծածկող ուշագրաւ դաջուածքները անկասկած որ իրենց դերը ունեցած են դաջուածք մը ունենալու որոշում մը կայացնելու մէջ, մինչդեռ ժամանակին մարմնին վրայ դաջուածք մը կրելը կը նկատուէր տարաշխարհիկ եւ նոյնիսկ` տգեղ:
Այսուհանդերձ, դաջուածքի նկատմամբ ժխտական կեցուածքները բոլորովին չեն չքացած: Բրիտանիոյ ընկերաբանական ընկերակցութեան մէկ տեղեկագիրին համաձայն, իրենց մարմնին վրայ դաջուածք կրող անձերը դժուար կ՛ընդունուին գործի, որովհետեւ գործատէրեր ունին իրենց նախապաշարումները:
Ուսումնասիրութիւն մը, որ լոյս տեսած էր 2007-ին, կ՛ըսէր, թէ դաջուածք կրող կիներ կը նկատուին «նուազ գրաւիչ, սեռայնօրէն սանձարձակ եւ ոգելից ըմպելիի մոլի»:
Ի վերջոյ գոյութիւն չունի մարմինը բազմաթիւ դաջուածքներով ծածկելու կամ միայն մէկ դաջուածքով բաւարարուելու միակ եւ որոշիչ պատճառ մը:
Ամէն ինչ կախեալ է անձնական ճաշակէ:
Այսուհանդերձ, Կոլտ, որ 24 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի այս մարզին մէջ անմիջապէս կրնայ գիտնալ, թէ ո՛ր յաճախորդները պիտի վերադառնան երկրորդ դաջուածք մը կիտել տալու:
«Անոնց քալուածքէն կը զգամ: Սատանայական փայլք մը կը տեսնեմ անոնց աչքերուն մէջ եւ կ՛ըսեմ` դուն պիտի վերադառնաս, եւ չեմ սխալիր», կ՛ըսէ ան:

