Հաղորդագրութիւն

6579_bՏանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ Հայաստան մեկնած էր, որպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամ մասնակցելու համար սոյն յանձնաժողովի չորրորդ նիստին, որ կայացաւ 27 մայիսին, իր նստավայրը վերադարձաւ ուրբաթ, 30 մայիսին: Անոր կ՛ընկերանար Վարդան վրդ. Գազանճեան: 100-րդ տարելիցի նիստէն առաջ, պատրիարքը Գարեգին Բ. ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ` վերջինիս հրաւէրով: 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններու ժամանակացոյցը եւ ռազմավարութիւնը յստակացնելու նպատակով` պետական յանձնաժողովի  ընդլայնուած կազմով  գումարուած նիստին իր խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը: Նիստի աւարտին տեղի ունեցած ընթրիքին մասնակցեցան հոգեւոր տէրը, Իրանի եւ Յունաստանի առաջնորդ  Նշան արք. Գարաքէհէեան եւ  Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Հայաստանի նախագահին հրաւէրով, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, մայիսի 28-ին մասնակցեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշակոթողին ծաղկեպսակներու զետեղման,  Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան, մշակութային ձեռնարկներուն, ապա Սարդարապատի յուշահամալիրի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ  տեղի  ունեցած  պարգեւատրման արարողութեան: Միեւնոյն օրը, երեկոյեան, հոգեւոր տէրը գնաց Գիւմրի, ուր Տիրամայր Հայաստանի եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց Ս. պատարագ, որուն մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Երեւան վերադարձին, ան յաջորդաբար այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ, Լիբանանի դեսպանատուն եւ հանդիպեցաւ դեսպան Ժան Մաքարոնին հետ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ տեսակցեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ: Հոգեւոր տէրը այցելեց նաեւ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ապա արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ: Հոգեւոր տէրը Հայաստան չորսօրեայ այցելութիւնը աւարտեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ հանդիպումով մը նախագահական պալատին մէջ: Հանդիպումներուն ընթացքին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին  ուղեկցեցան Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդի տեղապահ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան եւ Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

Պէյրութ, 1 յունիս 2014

 

Share this Article
CATEGORIES