Անկախութեան Սերմը

Ս. ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ 

600 տարի ստրկութիւն ապրած ժողովուրդը ազատատենչ հոգիով, գիշեր ու ցերեկ 1918-ի մայիսին կը սպասէր` առնելու մխիթարական լուրը յաղթանակի: Հայ ժողովուրդը` երկար տարիներու բռնի ստրկութեան պատճառով անհուր հրաբուխ դարձած էր կարծես. բայց այս նոյն ժողովուրդը գերմարդկային ուժերով օժտուած էր եւ պատրաստ էր ժայթքելու, պատրաստ էր հայրենիքի պաշտպանութեան համար ամէն տեսակ զոհողութիւն ընելու, որովհետեւ հեռուէն վերջապէս կը լսէր դարերէ ի վեր սպասուած այդ սփոփարար բառը` «անկախութիւն»:

Հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ ստրկութիւն, ջարդեր, տարագրութիւն ապրելէ ետք, վերջապէս իրաւունքը ունեցաւ ազատ ապրելու: Այս անկախութիւնը ամրացուց ու հիմնեց աշխարհի ժողովուրդներու կողքին ազատ ապրելու իրաւունքը:

Այս անկախութիւնը ջնջեց Թրքահայաստան ու Ռուսահայաստան վերնագիրները ու հիմնեց «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան» կոչը: Այս անկախութեան հերոսին` Արամ Մանուկեանի պատգամով, հայ ժողովուրդը հասկցաւ, թէ` «պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժին»:

Նոյն անկախութիւնը թափ տուաւ սփիւռքահայութեան, որ անկախութիւնը չտեսած հաւատաց անոր առաքինութիւններուն, ֆիզիքապէս ու հոգեպէս օժտուեցաւ օտարին հողերուն վրայ հայօրէն ապրելու ուժով, դարձաւ Հայ դատի պահանջատէր բռունցքը, սերունդներուն մէջ սերմանեց անկախութեան հոգեպարար գեղեցկութիւնը:

Այս սերմը աճեցաւ 90 տարիներու ընթացքին ու դարձաւ ամուր ու կայուն ծառ մը, որ անպայման պիտի քարկոծուէր ու արմատախիլ ըլլար օտարամոլութեան ու ձուլումի վտանգներէն:

Դժուար էր այդ ուղին, բայց ո՛չ անկարելի, փաստն ալ սփիւռքին սիրտը հանդիսացող լիբանանահայութիւնն է, որ նոյնիսկ ահաւոր պատերազմի օրերուն առիթ չխնայեց իր զաւակները դաստիարակելու անկախութեան ոգիով: Այսօր երիտասարդութիւնը խոր հաւատքով ու մեծ ակնկալութեամբ կը յիշէ ու կը տօնէ իր առաջին անկախութիւնը: Նոյն նորահաս սերունդը բարձր գիտակցութեամբ կը նայի «Դէպի Երկիր» տեսլականին:

Հպարտօրէն, երիտասարդութիւնն է, որ նախորդ շաբաթներուն Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ թնդացնող անկախութեան նուիրուած ձեռնարկներուն ցուցաբերեց մեծ մասնակցութիւն,   երբ հայահոծ թաղերուն մէջ երգեց հայ երգը, պարեց հայ գաւառներու շուրջպարը եւ անգամ մը եւս հայ երիտասարդը երդում տուաւ` ըլլալ պահանջատէր բռունցք իր ազգային նպատակներուն:

Թող այդ կայուն ծառն ու դաստիարակութիւնը ըլլան մեր հովանին, որպէսզի օտար ափերուն վրայ անտէր ու աննկարագիր չդառնա՛նք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )