Եկեղեցի, Տաճար Եւ Մզկիթ` Մէկ Տանիքի Տակ

0506Welle«Տէօչը Վելը» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ ներկայացուած է աշխարհի երեք գլխաւոր միաստուածեան կրօններու` քրիստոնէութեան, հրէութեան եւ իսլամութեան համար միասնական աղօթավայրի շինարարութեան նախագիծը:

Առաջին քարի խորհրդանշական փոխանցումը կատարուած է 3 յունիսին` ապագայ շինարարութեան վայրին մէջ: «Հաուս աֆ Ուան» անունով տան նախագիծին նախաձեռնողները կը նշեն, որ աղօթավայրը պիտի կառուցուի Պերլինի կեդրոնը` Փեթրի հրապարակի շրջանին մէջ, ուր 1237-ին հիմնադրուած է Պերլին քաղաքը:

Շինարարութիւնը պիտի ֆինանսաւորուի բացառապէս մասնաւոր ներդրումներու միջոցով: Անհրաժեշտ 43 միլիոն եւրոյէն հաւաքուած է 2050 եւրօ: Շինարարութիւնը պիտի սկսի, երբ հաւաքուի առաջին 10 միլիոն եւրոն, մօտաւորապէս 2016-ին: Նախագիծին նպատակը, ըստ նախաձեռնողներուն, «խաղաղ եւ բաց երկխօսութիւն զարգացնելն է կրօններուն եւ մշակոյթներուն միջեւ»:

Share this Article
CATEGORIES